ԺԱՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 16 Յունուար 1930ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝ Ժան Գարագաշեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Յունիս 2021ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 16 Յունիս 2021ին, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ (ճերմակ եկեղեցի), ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Հրաչ եւ Մարիքա Գարագաշեան եւ դուստրը՝ Զիա
Դուստրը՝ Ալին եւ Մեթիու Ֆինկսթըն եւ զաւակները՝ Ֆրանչեսքա եւ Տոմինիք
Եղբօր զաւակը՝ Էտի եւ Մարի Գարագաշեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք (Ուոթըրթաուն)
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ֆերահեան Ազգային վարժարանին (Holy Martyrs Ferrahian High School, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316) կամ Հայ Օգնութեան Միութեան (Armenian Relief Society, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202)։