Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երկու տարուան մէջ չորս անբարեյոյս ընտրութիւններէ ետք, Իսրայէլի մէջ Յունիսի առաջին օրերուն ստեղծուեցաւ քաղաքական տարօրինակ վիճակ մը, երբ երկրին ղեկը 12 տարի իր ձեռքին պահող Պենիամին Նեթանիահուի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները յայտարարեցին, թէ համաձայնութեան հասած են յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու տարազի մը շուրջ, վերջ պիտի դնեն Նեթանիահուի իշխանութեան: Անցեալ երկու տարիներուն, իւրաքանչիւր ոչ-վճռորոշ ընտրութիւններէն ետք, Նեթանիահու յաջողած էր կառչած մնալ վարչապետի աթոռին:
Նպատակ չունինք մտնելու Իսրայէլի ընտրական խոհանոցին մէջ, ուր (հակառակ այս երկիրը իտէալականացնողներուն) ամէն տեսակի այլանդակութիւն տեղի կ՛ունենայ: Օրինակի համար, բնական դաշնակիցներ յանկարծ ի յայտ կու գան սուր հակառակորդի դիրքերու վրայ, կուսակցութենէ մը բաժնուած եւ նոր կուսակցութիւն մը կազմողը մարտահրաւէր կ՛ուղղէ իր քաղաքական կեանքին ծնունդ տուողին (կամ կը ստեղծէ նման տպաւորութիւն), աւանդաբար լայն ժողովրդականութիւն ունեցող կուսակցութիւն մը կը խորտակուի, կ՛ապրի անուանական փոփոխութիւն, ինքզինք կը միաձուլէ այս կամ այն նորայայտ ուժին հետ, հզօրները կը նօսրանան եւ նորայայտ մը կը հասնի իշխանութեան (այսօր ո՞վ կը յիշէ Իսրայէլի հիմնադրութեան օրերու «Մափայ»ը, կամ՝ երբեմնի հզօր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը, «Լիքուտ»ին գլխաւոր ախոյեանը, որ հիմա հազիւ քանի մը աթոռ ունի խորհրդարանին մէջ): Այս բոլորը կը կատարուին… «ժողովրդավարութիւն կը խաղանք» անունով: Սակայն եթէ մէկը փորձէ թափանցել երեւոյթներէն անդին, դժուարութիւն չ՛ունենար նկատելու, որ իրական թէ արուեստական մրցակցութիւնները, հակադրութիւնները երկրին ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ էական վերափոխութիւն չեն բերեր գո՛նէ այնպիսի հարցերու նկատմամբ, որոնք կը կոչուին, օրինակի համար՝ պաղեստինցիներու բռնաճնշում, դրացիներու հետ (Սուրիա, Լիբանան…) թշնամանքի շարունակում, Թուրքիոյ պէս բարեկամներու հետ լարախաղացութիւն (անշուշտ ոեւէ իսրայէլեան ուժ չի խոստովանիր նման բան): Նման խաղեր սարքուած են, ի հեճուկս պաղեստինցիներու իրաւունքներուն՝ 1948ին ստեղծուած պետութեան պատմութեան ամբողջ տեւողութեան: Միայն փոքրաթիւ արդարամիտներ երբեմն արտայայտուած են այս մասին, սակայն անոնք մնացած են անտեսուած փոքրամասնութիւն (ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս կարգ մը թուրքեր կը խօսին հայութեան արդար իրաւունքներուն մասին…):
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՏԱՐԱԶ
Նեթանիահուի աթոռը աննախընթաց երկրաշարժի մատնուեցաւ 2 Յունիսին, երբ Մարտի ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած անկայուն վիճակին մէջ Նեթանիահու այլեւս անկարող դարձաւ վերակազմելու կառավարական ընկերակցութիւն մը (քոալիսիոն), մանաւանդ, որ նախընթաց երեքը եղած էին խախուտ եւ երկար շունչ չէին ունեցած (հոս ալ պատմութիւնը երկար է): Ստեղծուած վիճակի մէջ, փոքրաթիւ աթոռներ ունեցող ինը կուսակցութիւններ ու խմբաւորումներ համաձայնեցան տարօրինակ տարազի մը շուրջ:
Ի՞նչ պատկեր ունի վերջին ընտրութիւններէն ծնած խորհրդարանը:
Նեթանիահուի «Լիքուտ»ը (որ աւելի քան տասնամեակ մը առաջ բաւական տկարացած էր եւ յետոյ վերականգնած) ապահոված է մեծագոյն թիւով աթոռները. 30: Անոր գործակից են չորս կուսակցութիւններ, սակայն միասնաբար ունին 54 աթոռ՝ ընդամէնը 120 աթոռներէն: Սա բաւարար չէ կազմելու փոքրամասնական կառավարութիւն մը իսկ, որովհետեւ Նեթանիահուի դէմ պայքարը աննախընթաց հասունացում մը կ՛ապրի (գոնէ այդպէս կը թուի): Ընդդիմադիր 9 կուսակցութիւններէն եւ խմբաւորումներէն առաւելագոյն աթոռները ապահոված է Եայիր Լափիտի կուսակցութիւնը՝ միայն 17 աթոռ, իսկ մնացեալները ունին նուազ քան 10 աթոռ (երկու կուսակցութիւն՝ 7ական, 4 կուսակցութիւն՝ 6ական, իսկ մէկ կուսակցութիւն՝ 4 աթոռ: Վերջինը՝ իսրայէլեան հպատակութիւն ունեցող արաբները ներկայացնող համախմբումն է, «Ռաամ» անունով. իսլամական կուսակցութիւն մըն է, ունի արաբ գործակիցները, որոնք մաս պիտի չկազմեն կառավարական ընկերակցութեան):

Նեթանիահուի ընդդիմադիր ճակատը խայտաբղէտ է եւ ինքն իր մէջ ստեղծած է հազուադէպ տարազ մը: Տրամաբանօրէն, Լափիտ պէտք էր ըլլար վարչապետը, սակայն այդպէս չէ: Ան համաձայնութիւն գոյացուցած է Նաֆթալի Պենեթի «Եամինա» կուսակցութեան հետ, այնպէս մը որ 7 աթոռ ունեցող Պենեթը (խորհրդարանի վստահութեան քուէն ապահովելու պարագային) մինչեւ 2023 պիտի վարէ վարչապետի պաշտօնը, ապա, յաջորդ երկու տարիներուն, Լափիտ պիտի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:
Իսրայէլի մէջ այժմ զգացումները խառն են (անշուշտ քաղաքականութիւնը զգացումներով չեն վարեր, սակայն սա իրականութիւն է ժողովրդային, համակիրներու մակարդակին վրայ): Մէկ կողմէ, մարդիկ իրենց շունչը բռնած են եւ կը սպասեն Նեթանիահուի տապալման: Նեթանիահու, որ սկզբնական շրջանին լայն համակրանք (նաեւ արտաքին յենարան) կը վայելէր, վերջին տարիներուն արագ վարկաբեկում ապրեցաւ: Ան մեղադրուած է իբրեւ կաշառակեր, անբարոյ, փտածութեան հովանաւոր, բռնապետ եւ այլն: Օրինակ, կ՛ըսուի, թէ ան ապիկարներ նախարար նշանակած է՝ համակրանքի եւ իրեն հանդէպ հաւատարմութեան հիմունքներով, յաճախ անտեսելով մասնագէտ-ատակները: Անոր ուղղուած մեղադրանքներու ցանկին վրայ են նաեւ երկրի տնտեսութեան անկումը, բայց մանաւանդ ժողովուրդին մէջ բաժանուածութեան, երկփեղկումին խորացումը, այնքան մը, որ շատեր կասկածով կը դիտեն յաջորդ (հաւանական) կառավարութիւնը եւ հարց կու տան, թէ անիկա արդեօք կարող պիտի ըլլա՞յ ատելութեան ու թշնամանքի ալիքները մեղմացնելու կամ տնտեսութիւնը բարելաւելու… (անշուշտ որ կան նաեւ այլ հարցեր):
Այս բոլորով, այժմէն իսկ ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ անիկա պիտի ըլլայ անկայուն, Լափիտ-Պենեթ համաձայնութիւնը պիտի չունենայ երկար կեանք, ալ ո՜ւր մնաց որ գոյատեւէ մինչեւ 2025: Այս լարին վրայ կը զարնեն մանաւանդ Նեթանիահու եւ կողմնակիցները:
Փակագիծ մը բանալով, արձանագրենք նաեւ մանրամասնութիւն մը: Վերջին ընտրութիւններուն մասնակցութիւն բերին 37 կուսակցութիւններ, որոնցմէ 13ը նորակազմ էին: Խորհրդարան հասան 13 կուսակցութիւն (ուժերու բաժանումը յիշատակեցինք քիչ առաջ): Անոնցմէ միայն մէկը նորակազմ է:
ՀԱԿԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ԾԻԱԾԱՆ
Կառավարական նոր համաձայնութիւնը իբրեւ յենարան պիտի ունենայ, ինչպէս նշեցինք, տարբեր մտածողութեան եւ գաղափարներու հետեւորդ ուժեր: Հոն են ձախակողմեաններ, կեդրոնի ուժեր եւ աջակողմեաններ: Նոյնինքն Պենեթ քանի մը տարի առաջ մէկ սերտ գործակիցն էր Նեթանիահուի (Լափիտ եւ այլ տարբեր չեն), անոր կառավարութիւններուն մէջ վարած էր պաշտօններ, սակայն դժգոհ՝ անոր վարմունքէն եւ վարած քաղաքականութենէն (գոնէ կարգ մը գիծերէն), հեռացաւ (ուրիշներու նման) եւ հիմա արդէն քանի մը աթոռ շահելով՝ կը ներկայանայ իբրեւ ախոյեան:

Նեթանիահու զէնքերը վար չէ դրած եւ (Թրամփի նման) պատրաստ է մինչեւ վերջին շունչը պայքարելու՝ աթոռը պահելու համար: Խորհրդարանի նախագահը անոր մէկ գործակիցն է, հետեւաբար, ան կրնայ վստահութեան քուէի նիստը ձգձգել մինչեւ 14 Յունիս, կ՛ըսեն լաւատեղեակներ: Ան իբրեւ «ձախակողմեան» կ՛ամբաստանէ համաձայնական նոր կազմը, որ յամենայնդէպս ըստ բաւականին աջ թեքում ունի: Ամէնէն ուշագրաւ իրականութիւնը այն է, որ իսրայէլացի արաբները առաջին անգամ ըլլալով մաս պիտի կազմեն կառավարութեան (որուն կմախքը գրեթէ պատրաստ է, քանի մը աթոռի բաշխումին շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին): «Ռաամ» խմբակին ղեկավարն է Մանսուր Ապպաս, որ կրօնական հակումներով ատամնաբուժ մըն է: Ապպաս ղեկավարն է իսլամական հաւատալիքներով կազմաւորուած կուսակցութեան մը, որ 1970ականներուն ծնունդ առած է «Իսլամ Եղբայներ»էն: Ան պաշտպան է գաղթական դարձած պաղեստինցիներու Արեւմտեան Ափ, Երուսաղէմ եւ Կազա վերադարձին (չմոռնանք, որ վերջին բախումները ծնունդ առին Երուսաղէմի մէջ պաղեստինցիներու բնակարաններու գրաւման քայլերէ), կը յարի երկու պետութեան գաղափարին, դէմ է սիոնականութեան, համակրանք կը վայելէ՝ որովհետեւ հաստատած է դպրոցներ, դարմանատուներ եւ այլ ծառայութիւններ կատարած է: Տարիներ առաջ, այս կուսակցութիւնը ներքին երկփեղկում մը ապրեցաւ եւ ունեցաւ իր հիւսիսային եւ հարաւային թեւերը: Այսօր կը գոյատեւէ հարաւային թեւը, որովհետեւ հիւսիսայինը, իսրայէլեան կառավարութեան հետ իր հակադրութեանց պատճառով, լուծարքի ենթարկուած է: Անմիջապէս նշենք, որ այս խմբաւորումները անմիջական աղերս չունին պաղեստինեան կուսակցութեանց եւ մասնաւորապէս «Համաս»ի եւ նմանօրինակ՝ իսլամական հակումով կուսակցութեանց եւ խմբաւորումներու հետ. վերջինները, ներառեալ նոյնինքն իսրայէլեան հպատակութիւն ունեցող կարգ մը արաբներ, Ապպասն ու համախոհները կը դիտեն իբրեւ Իսրայէլի հետ գործակցող՝ դրածոյ գործակալներ, մինչեւ իսկ պաղեստինեան դատին դաւաճանողներ, իսկ «Ռաամ»ականները կ՛ըսեն, որ Իսրայէլի հետ գործակցութիւն ունենալով՝ կրնան անոր մտածելակերպին եւ պաղեստինցիներուն նկատմամբ քաղաքականութեան մէջ բարեշրջում յառաջ բերել…
Ի՞ՆՉ ՀԻՄՔ ՈՒՆԻՆ ԱՊՊԱՍԱԿԱՆԵՐԸ
Պաղեստինեան, եւ ո՛չ միայն «ծայրայեղական» նկատուածներու կարծիքը այն է, որ «Ռաամ»ականները ցնորք կը հետապնդեն, որովհետեւ, կ՛ըսեն անոնք, «Լիքուտ»էն եւ Նեթանիահուէն հեռացած Պենեթը (նաեւ անոր գործակիցները) ո՛չ մէկ ատեն ծածկած է իր քաղաքական դիտաւորութիւնները: Ան դէմ է հայրենիք ունենալու պաղեստինցիներու իրաւունքին, դէմ արտայայտուած է «երկու պետութիւններու» գաղափարին, դրօշակիր մըն է պաղեստինեան հողերու վրայ հրէական բնակեցման վայրերու ընդարձակման եւ լայն հողամասերու Իսրայէլի կցումին: Ընտրապայքարի օրերուն, նաեւ համաձայնութեան տարազի կազմաւորման բանակցութեան առիթով, ան յաճախ հանդէս եկաւ աւելի մեղմ տարազներով, յիշեալ լարերուն վրայ շատ չզարկաւ, որուն դիմաց, ապպասականներն ալ որոշ «մեղմացում» արտայայտեցին:
Ի դէպ, հարցը միայն 4 աթոռ ունեցող՝ իսրայէլահպատակ արաբներուն չի վերաբերիր: Լափիտ-Պենէթ առանցքին շուրջ խմբուած միւս կուսակցութիւններն ալ էական տարակարծութիւններ ունին իրարու հետ: Զանոնք համախմբող գլխաւոր, չըսելու համար՝ միակ գործօնը այն է, որ բոլորն ալ դէմ են Նեթանիահուի պաշտօնավարութեան շարունակման:
Նեթանիահու գործի լծած է իր բոլոր կարողութիւններն ու միջոցները, արգելակելու համար նոր կառավարութեան ծնունդը: Անկախ զայն անուանարկելու յիշեալ եւ այլ քայլերէն, կարգ մը ընդդիմադիրներ կ՛ըսեն, թէ սպառնալիքներ կը ստանան կառավարութեան մօտիկներէն: Ընդդիմադիր երեսփոխան մը եւ անոր 15ամեայ աղջիկը մահուան սպառնալիք ստացած են, նման սպառնալիքի մը ազդեցութեամբ, նորերուն համակիր երեսփոխան մը հասկցուցած է, որ պիտի չքուէարկէ ի նպաստ նորին: Իսրայէլի մամլոյ կարգ մը մեկնաբաններ չեն վարանիր նշելու, որ Նեթանիահու եւ իր շրջանակը կը վարուի այնպէս՝ ինչպէս վարուեցան նախկին նախագահ Թրամփ եւ կարգ մը գործակիցները, եւ պատճառ դարձան 6 Յունուարի արշաւանքին…
ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԱԿՆՈՑՈՎ
Եթէ ներքին գետինի վրայ նոր կազմուելիք կառավարական համախոհութիւնը բաւական խախուտ է, որոշ հարցականներ կան արտաքին յենարաններու շուրջ:
Ուաշինկթըն, որ իրերայաջորդ նախագահներու օրով եղած է Նեթանիահուի սերտ պաշտպանն ու գործակիցը, այժմ, երեւութապէս որոշ հեռաւորութիւն մը կը ցուցաբերէ անոր նկատմամբ, թէեւ կը յայտարարէ, թէ Իսրայէլի ապահովութեան եւ անվտանգութեան պաշտպանն է, պահապանն է Իսրայէլի պետութեա՛ն: Մեկնաբաններ կ՛ըսեն, որ իշխանափոխութեան պարագային, Ուաշինկթըն եւ ուրիշներ պիտի պահպանեն նոյն մօտեցումը, կրկնելով, որ իրենք ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հետ գործ ունին, եւ ո՛չ թէ անոր ղեկին կանգնողին հետ. Ուաշինկթըն նոյնքան յստակ դարձուցած է, որ իշխանափոխութեան հարցը Իսրայէլի ՆԵՐՔԻՆ ԽՆԴԻՐն է, այսինքն, ինք պատրաստ է գործակցելու անոր հետ, որ կը վայելէ ժողովուրդին քուէն…:
Նեթանիահուի դէմ գոյացած ճակատը ճամբայ ելած է ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆ բերելու դրօշին տակ: Առայժմ յստակ չէ, թէ անոնց համար ցանկալի բարեփոխութիւնը կարելի պիտի ըլլա՞յ, ի՞նչ չափով, յստակ չէ մինչեւ իսկ նոր կազմին գոյատեւումը: Որոշ մեկնաբաններ աւելի կը յարին այն կարծիքին, որ եղածը լարախաղացութիւն է, քաղաքական աճպարարութեան պէս բան մը, որուն նախընթացները հազուադէպ չեն, մինչեւ իսկ ամէնէն անհաշտ կուսակցութիւնները կառավարական ընկերակցութեան տարազներով ներկայացած են, ժամանակ շահած են եւ ԷԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐԸ պահած են անշեղ: Տակաւին, կան նախատեսութիւններ, թէ նոր դաշնակիցներուն առանցքը կազմողները կրնան Նեթանիահուէն ալ անդին երթալ:
(Այս բոլորը՝ մեզի ի՞նչ: Մինչեւ իսկ Լիբանանը մոռցած է, թէ 6 Յունիս 1982ին Իսրայէլ լայնածաւալ յարձակում գործեց իր հարաւին վրայ, գրաւեց Պէյրութի կէսը, այսօր ալ կը սպառնայ նման յարձակումներ գործել նորացուած պատճառաբանութիւններով, իսկ լիբանանցիք, հիասթափուած, կը դիտեն նոր կառավարութիւն մը կազմելու ճիգերը․ Հայաստան 7 Յունիսին պիտի նետուի պաշտօնական ընտրապայքարի յորձանուտին մէջ…):
6 Յունիս 2021