Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ըրաւ՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները եւ պահուող անձերը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»ի հաշիւին վրայ հրապարակուած է հետեւեալ գրառումը.
«Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին զարգացումները մտահոգիչ են եւ վտանգաւոր. լարուածութեան անյապաղ մեղմացումը անհրաժեշտ է: Մենք կը շարունակենք Ատրպէյճանին կոչ ուղղել՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր պատերազմական գերիները եւ պահուող անձերը»:
Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարութեան գրառման կից տեղադրուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերող Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած էր 28 Մայիսին: