
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը մեծ ցաւով կը գուժէ իր վաստակաշատ եւ անզուգական ատենապետուհիին՝ տիկին Լիզա Կապուտեանի, վաղահաս մահը:
Տիկին Կապուտեան տասնամեակներով եղած է դաստիարակ, տնօրէն եւ ուսուցիչ: Ազգային վարժարաններու մէջ սկսած է ծառայել՝ իբրեւ ուսուցիչ, ապա հանրային վարժարաններու մէջ տնօրէնի եւ վերակացու տեսուչի վարչական պատասխանատու պաշտօններ վարած է առաւել քան 25 տարիներ:
Ազգային կեանքի մէջ կենսունակութեամբ գործած եւ անշահախնդրօրէն նուիրուած է իր հաւատացած առաքելութեան: Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմին մէջ աշխատած է առաւել քան 15 տարիներ, իսկ վերջին վեց տարիներուն ձեռնհասօրէն եւ արդարամտութեամբ վարած է ատենապետի պաշտօնը:
Տիկին Կապուտեան իր էութեան մէջ ամփոփած էր իսկական առաջնորդի իմաստութիւնը, բծախնդրութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը ու այդ արժանիքները ի գործ դրած էր ազգային վարժարանի, հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, Հայ Դատի եւ հայ աշակերտի վերելքին նպաստելու գործին:
Մեր խորին ցաւակցութիւները կը յայտնենք անոր կողակիցին՝ պրն. Մարտիկ Կապուտեանին, Զաւակներուն՝ տէր եւ տիկ. Վան եւ Գարուն Կապուտեանին, տէր եւ տիկ. Հրակ եւ Լիսա Կապուտեանին, եւ ընտանիքին ու հարազատներուն:
Տիկին Կապուտեանի յիշատակը միշտ անթառամ պիտի մնայ: