Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Զայնեթտինով յայտնեց, որ «Շանթ-2021» յատուկ ռազմափորձը այս տարի պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ:
«Ռազմափորձերուն ընթացքին երկու փուլերով գործնական գործողութիւններ պիտի մշակուին զրահապատ սպառազինութեան, յատուկ մեքենաներու, օդուժի, անօդաչու թռչող սարքերու եւ որոնող շուներու օգտագործումով», ըսաւ ան:
Զայնեթտինով յայտնեց, որ 1-3 Յունիսին Հայաստանի մէջ ընթացան սպայակոյտի բանակցութիւններ՝ նախապատրաստելու համար ռազմափորձերը, որոնք ՀԱՊԿի արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մասնայատուկ ուժերու ձեւաւորում կը նախատեսեն:
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿի անդամ են Հայաստան, Պիլոռուս, Ղազախիստան, Ղըրղըզիստան, Ռուսիան եւ Տաճիկիստան: