Ստորեւ կու տանք Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 1 Յունիսին յղած նամակը հետեւեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ UNESCO, ICOMOS, Global Heritage Fund, World Monuments Fund, ICCROM, Europa Nostra, Blueshield International, Getty Conservation Institude, International Council on Archives, International Federation of Library Associations and Institutions, International Council of Museums.
Խորապէս մտահոգուած ենք Արցախի տարածքին հայկական եկեղեցիներու, վանական համալիրներու, գերեզմաննոցներու եւ մշակութային յուշարձաններու աւերման եւ վանտալիզմի մասին մեզի հասնող վերջին լուրերով:
Սեպտեմբեր 2020ին պատերազմի բռնկումով եւ հայկական պատմական աւաններու եւ քաղաքներու բռնագրաւումով, այսօր ականատես կը դառնանք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը բնաջնջելու ծրագրուած փորձերուն: Այս վերջին իրադարձութիւնները պարզապէս նորագոյն ապացոյցներն են պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ տասնամեակներէ ի վեր ազրպէյճանական եւ թրքական իշխանութիւններու վարած մշակութային ցեղասպանութեան:
Արցախի տարածքին ազրպէյճանական իշխանութիւններու վերջին գործողութիւնները՝ վերականգնման ու վերանորոգութեան պատրուակով պատմութիւնը կեղծելու, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իբրեւ աղուանական ներկայացնելու, եւ այդ հողերուն վրայ հայերու բնիկ ներկայութեան ապացոյցները ջնջելու կանխամտածեալ յստակ ջանքեր են: Պատերազմէն ետք, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարեց Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ «վերանորոգութեան աշխատանքներու» մեկնարկը՝ եկեղեցւոյ 19րդ դարու կոնաձեւ գմբէթին հեռացումով: Արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին, այս նոյն եկեղեցին թիրախ դարձած էր ազրպէյճանական հրթիռակոծման, եւ ներկայ «վերանորոգումը» կը միտի աղաւաղել եկեղեցւոյ մշակութային դիմագիծը, որ կը խորհրդանշէ Շուշիի հայկական ինքնութիւնը: Նոյնպէս, միջազգային լրատուամիջոցները վաւերագրած են Հատրութի շրջանին մէջ նման աւերիչ արարքներ (եկեղեցիներու եւ գերեզմաննոցներու ամբողջական քանդում), այդ սրբավայրերու քարերը ճանապարհաշինութեան մէջ գործածելու համար:
Ներկայիս, Ազրպէյճան չի յարգեր միջազգային ընկերութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, իբրեւ ստորագրող կողմ՝ «Զինեալ բախումներու ընթացքին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան» եւ «Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պաշտպանութեան» դաշինքներու, որոնց համաձայն անիկա պարտաւոր է պաշտպանել, պահպանել եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցել մշակութային եւ բնական ժառանգութիւնը: Ազրպէյճան նաեւ արգելակեց շրջանի մշակութային կոթողներու վիճակի գնահատման համար ԵՈՒՆԵՍՔՕի ծրագրած առաքելութեան Արցախ մուտքը: 10 Նոյեմբեր 2020ի հրադադարի յայտարարութենէն ետք, շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման կոչ ուղղած են(1): 2021ի իր տարեկան տեղեկագիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովը (USCIRF) Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան թելադրեց Ազրպէյճանը տեղադրել Կրօնական ազատութիւններու խստագոյն ոտնահարման յատուկ դիտարկման ցանկին վրայ:
Նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան կ՛անտեսէ Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ի խնդիր իր պատասխանատուութեան տէր կանգնելու վերոնշեալ կոչերը, եւ շարունակաբար կը խախտէ միջազգային դաշինքները, եւ նկատի ունենալով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի դատապարտումը՝ «մշակութային ժառանգութեան, ընդ որում կրօնական կառոյցներու եւ հնութիւններու անօրինական քանդումին», կոչ կ՛ուղղենք միջազգային համայնքին՝ դատապարտելու Արցախի հայկական բնիկ մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու Ազրպէյճանի արարքները եւ ի գործ դնելու այս մշակութային ցեղասպանութիւնը կասեցնելու բոլոր ջանքերը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
(1) Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդի (ICOMOS), Արխիւներու միջազգային խորհուրդի (ICA), Գրադարաններու կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու միջազգային դաշնակցութեան (IFLA) եւ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ICOM) միացեալ յայտարարութիւն Արցախի մասին, հրապարակուած 20 Նոյեմբեր 2020ին:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի մամլոյ հաղորդագրութիւն՝ հրապարակուած 21 Դեկտեմբեր 2020ին: