ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սիւնիք կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին հանդիպում ունեցաւ Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսէթ Պօղոսեանի հետ:
Կողմերը քննարկեցին Հայաստանի հարաւային շրջանի իրավիճակը, ներառեալ` իրավիճակը սահմանամերձ հատուածներուն մէջ: Դեսպանը ընդգծեց, որ Ռուսիա, իր պարտաւորութիւններու կատարման ծիրին մէջ, ներդրում ունի եղբայրական Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման մէջ: Ըստ Քոփիրքինի՝ պիտի աւելցուին ռուս սահմանապահ զօրքերու անձնակազմի թիւը եւ տրամադրուած նիւթական եւ արհեստագիտական միջոցները՝ անոնց գործունէութիւնը ապահովելու համար:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Սիւնիքի մարզի եւ Ռուսիոյ կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան ներկայ մակարդակը եւ զանոնք ընդլայնելու հեռանկարները: Քննարկուեցան Սիւնիքի մարզի ընկերային-տնտեսական զարգացման հարցերը: Դեսպանը հաստատեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ աջակցիլ մարզի տնտեսական ներուժի օգտագործման, որոնց կարգին՝ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ: