ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ քրէական հետապնդման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը:
«Մայիսի 25ին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտել էր Ադրբեջանի կողմից Արցախի դէմ սանձազերծուած վերջին ագրեսիայի (յարձակման) ընթացքում գերեվարուած Լիւդուիկ Մկրտչեանի եւ Ալեոշա Խոսրովեանի նկատմամբ պաշտօնական Բաքուի կողմից քրէական հետապնդման փաստը: Շարունակելով խախտել մարդասիրական իրաւունքի նորմերը, մասնաւորապէս` Ռազմագերիների հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւի կոնվենցիան, որում յստակ սահմանւում է, որ ռազմագերիներն ազատւում եւ հայրենադարձւում են անմիջապէս ռազմական գործողութիւնները դադարեցուելուց յետոյ, Ադրբեջանը եւս 14 գերեվարուած հայ զինծառայողների նկատմամբ սկսել է շինծու քրէական հետապնդում, ինչը նաեւ խախտում է 2020թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած պայմանաւորուածութիւնները», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Ըստ նախարարութեան՝ 16 հայ զինուորներուն նկատմամբ յարուցուած քրէական գործերը, նաեւ միւս հայ ռազմագերիներու, պատանդ առնուած քաղաքացիներու նկատմամբ գործադրուող խոշտանգումները եւ հոգեբանական ճնշումը միջազգային իրաւունքի վտանգաւոր խախտման նախադէպ են: «Յստակ է, որ գերեվարուած անձանց Ադրբեջանն օգտագործում է որպէս քաղաքական պատանդ եւ լծակ` այլ խնդիրներ հետապնդելու նպատակով», կը շեշտուի յայտարարութեան մէջ։
Նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ, հակառակ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ թաքցնել գերիներու իրական թիւը` հերքելով տասնեակ հայ զինուորներու եւ քաղաքացիներու գերի առած ըլլալու հանգամանքը, թէեւ այս առնչութեամբ փաստեր եւ տեսերիզներ կան։ «Ադրբեջանում գերութեան մէջ պահուող հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձինք պէտք է շուտափոյթ ազատ արձակուեն եւ հայրենադարձուեն առանց որեւէ նախապայմանի», կը շեշտէ յայտարարութիւնը:
Գերիներու հարցին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, ցեղասպան քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք յայտնուած են Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի գիւղերու հարեւանութեամբ, ինչ որ մարդկային իրաւունքներու ամբողջական խախտում է։
Ան շեշտեց, որ դժբախտաբար, պատերազմէն, զինուած յարձակումներու դադարէն ետք ալ կը շարունակուի Ատրպէյճանի թշնամանքի եւ ատելութեան քաղաքականութիւնը։
Արցախի եւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանները կարեւոր աշխատանքներ կը տանին` միջազգային կազմակերպութիւններուն ցոյց տալու, որ արցախցիներուն կեանքը վտանգուած է: «Գոյութենական խնդիր է` այն թշնամանքի ու ատելութեան քաղաքականութեան պայմաններում, որ կայ, աւելին` խօսքը վերաբերում է ցեղասպան քաղաքականութեան», ըսաւ Թաթոյեան եւ աւելցուց, որ պատերազմական յանցագործութիւնները Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետեւողական հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանք էին:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը շեշտեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ թշնամանքի եւ ատելութեան դրսեւումները, օրինակ` հայ գերիները չվերադարձնելով: «Բացայայտ շահարկուող փաստարկներով, միջազգային հանրութեանը մոլորութեան մէջ գցելու փորձերով` գերիներին ներկայացնում են իբրեւ ահաբեկիչներ, բայց ակնյայտ է, որ հակամարտութիւնը դեռեւս չի էլ աւարտուել, եւ զինուած հակամարտութեան պայմաններում գերեվարուած անձինք չեն կարող համարուել ահաբեկիչ: Դա միջազգային մարդասիրական իրաւունքից բխող կարեւորագոյն սկզբունք է: Աւելին` Ժընեւեան կոնվեցիաներով, այլ միջազգային փաստաթղթերով նրանց նկատմամբ չի կարող որեւէ քրէական հետապնդում իրականացուել, իսկ այսօր նրանք քրէական վարոյթներ են յարուցում», ըսաւ Արման Թաթոյեան։