ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութեան մէջ քննութիւն կը կատարուի՝ 27 Սեպտեմբերի 2020ին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորներուն դիակներու պահպանման ընթացքին խախտումները պարզելու ուղղութեամբ:
31 Մայիս 2021ին տուեալներ ստացած են այն մասին, որ Կոտայքի մարզի դատաբժշկական փորձաքննութիւններու բաժինին մէջ դիակներ պահուած են ոչ-համապատասխան պայմաններով սենեակներու եւ պարկերու մէջ:
Փաստին առիթով նիւթերու նախապատրաստութեան ընթացքին ձեռք բերուած են տեղեկութիւններ, թէ զոհուած զինուորներուն դիերն ու մասունքները կերընկալէ պարկերով տեղափոխուած են Կոտայքի մարզի դատաբժշկական փորձաքննութիւնների բաժնի նկուղային յարկը:
«Նշուած կենտրոնի բաժնի վարիչը, նախապէս տեղեկացուած լինելով սառնարանների առկայութեան ու դրանցում դիեր պահելու համար նախատեսուած ազատ տեղերի բացակայութեան մասին, 2021թ. Մայիսի 28ին, առանց որեւէ հիմնաւորման եւ փաստաթղթային հաշուառման, ընդունել եւ կենտրոնի նկուղային յարկում պահել է նշուած դիերն ու մասունքները: Պարզուել է, որ սենեակները, որտեղ դիերն ու մասունքները տեղափոխուել են, չեն ունեցել պահման համար անհրաժեշտ պայմաններ, մասնաւորապէս` օդափոխման եւ ջերմային համակարգեր, ինչն արձանագրուել է 2021թ. Մայիսի 31ին կատարուած դէպքի վայրի զննութեամբ եւ այլ քննչական գործողութիւններով: Նկատի ունենալով, որ նախապատրաստուած նիւթերում առկայ է քրէական գործ յարուցելու օրինական հիմք եւ առիթ` Կոտայքի մարզի դատախազութիւնում յարուցուել է քրէական գործ` պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու յատկանիշներով, որը նախաքննութիւն կատարելու համար ուղարկուել է ՀՀ քննչական կոմիտէի Կոտայքի մարզային քննչական վարչութեան Աբովեանի քննչական բաժին եւ ընդունուել վարոյթ», կ՛ըսուի քննչական կոմիտէի յայտարարութեան մէջ: