ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ․- Կազմակերպութեան ՀՅԴ Լաս Վեկասի «Իշխան» կոմիտէութեան՝ Շաբաթ, 29 Մայիսին, Լաս Վեկասի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 103րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը։
Առաւել քան 150 համակիրներ, համայնքի կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, ներառեալ՝ Լաս Վեկասի Ս․ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ․ Պատոյեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին տօնակատարութեան։Անոնց միացան նաեւ այս նպատակով Լոս Անճելըսէն ժամանած շուրջ 30 համակիրներ։
ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Ժասմեն Սարոյեան, բարի գալուստի մաղթելով բոլորին եւ շեշտելով Մայիս 28ի եւ Հայաստանի անկախութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ․ Քարմէն Օհանեան լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան ունեցած կենսական դերակատարութիւնը 103 տարի առաջ Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդին անկախութիւնը վերահաստատելու պայքարին մէջ, աւելցնելով, որ այսօր եւս անկախութեան ոգին պէտք է առաջնորդող դեր ունենայ մեր ազգի կեանքին մէջ, նոր յաղթանակներ կերտելու համար։
Հայրենասիրական եւ ազգային երգերով գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Րաֆֆի Պատոյեան եւ տեղւոյն Համազգայինի անդամները։
Նշենք, որ ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յարութ Մկրտիչեան եւ Թորոս Զ․ Քէչէճեան։ Իրենց Լաս Վեկաս կեցութեան ընթացքին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպում մը ունեցան համայնքի ղեկավարներուն հետ եւ այցելեցին Ս․ Կարապետ եկեղեցին, դիմաւորուելով անոր հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ․ Պատոյեանի կողմէ։