ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 2 Յունիսին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեան, Արթուր Մոսիյեան եւ Վահրամ Բալայեան հանդիպում ունեցան Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետ:
Ողջունելով հրաւիրեալները՝ համալսարանի նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ «Արցախ. ներկան եւ ապագան» ծրագիրի ծիրին մէջ: Արմէն Սարգսեան Դաւիթ Իշխանեանին յանձնեց Արցախի պետական համալսարանի 50ամեակին նուիրուած յուշամետալը եւ «Արցախի ժողովրդագիտութիւնը» աշխատութեան հատորները:
Դաւիթ Իշխանեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման նախաձեռնութեան համար՝ ներկայացուց ներքին ու արտաքին հիմնահարցերու լուծման ՀՅԴի տեսլականը: «Մեր համազգային օրակարգում հարցերի հարցը Արցախեան հիմնահարցն է, Արցախի ապագան: Ցաւօք սրտի, մենք դեռեւս չունենք մի շարք հարցի պատասխաններ: Գնահատական չի տրուել պատերազմի պատճառներին, հետեւանքներին, ընդհանուր վիճակին եւ պարզ չեն մեր անելիքները», շեշտեց ան:
Իշխանեան կարեւոր նկատեց ապահոցութեան համակարգի յստակացումը, խօսեցաւ ՀՅԴի ծաւալած քաղաքական-դիւանագիտական, տեղեկատուական-քարոզչական աշխատանքներուն մասին:
Անդրադառնալով Արցախի ներքաղաքական գործընթացներուն վերաբերող՝ 10 Նոյեմբերին Արցախի Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւններու միացեալ յայտարարութեան, 20 Մայիսին Արցախի ԱԺ երեք խմբակցութիւններուն յայտարարութեան՝ Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ անոնք զանազան մեկնաբանութիւններու դուռ բացած են:
«Մենք չենք հրաժարւում ԱՀ նախագահի հրաժարականի պահանջից, բայց նաեւ գիտակցում ենք, թէ ինչպիսի քայլերով դա պէտք է տեղի ունենայ: Քաղաքական մի շարք հանդիպումների բովանդակութեան մասին նաեւ Արայիկ Յարութիւնեանի շուրթերով ոչ-ամբողջական ճշմարտութիւնն է ներկայացուել: Մասնաւորապէս, ընդդիմադիր քաղաքական ուժերին, այդ թւում մեզ` փորձել են մեղադրել պաշտօններ զբաղեցնելու ձգտումների մէջ: Այստեղ եւս մէկ անգամ ուզում եմ հրապարակայնօրէն ներկայացնել, որ Դաշնակցութիւնը երբեք չի առաջնորդուել ու չի առաջնորդւում պաշտօն զբաղեցնելու միտումներով: Մեզ համար երկրի եւ մեր ժողովրդի շահերն աւելի են կարեւորւում», հաստատեց Դաւիթ Իշխանեան:
Պատասխանելով ապահովութեան, Սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին հարցումի մը՝ Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան դիտել տուաւ, որ բոլոր հարցերուն լուծումը ազգային ուժերուն իշխանութեան ստանձնելուն մէջ է.
«Պարտուած իշխանութիւնը պէտք է հեռանայ: Իւրաքանչիւր քաղաքացի էլ իր մեղաւորութեան չափաբաժինն ունի, բայց հիմնական պատասխանատուն եւ մեղաւորները պարտուած իշխանութիւններն են` Արայիկ Յարութիւնեանի, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ: Մարդիկ կրում են բարոյական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն, իրաւական պատասխանատուութեան հարցը կ՛որոշուի: Համոզուած եմ, որ հայկական Նիւրնբերգ լինելու է», յայտնեց Մոսիյեան` աւելցնելով, թէ տակաւին պարզ չէ, թէ որքա՛նով Արցախի իշխանութիւնը մասնակից է Հայաստանի իշխանութիւններու դաւադիր ծրագիրին:
Արթուր Մոսիյեան կարեւոր նկատեց համալսարանի ուսանողներուն, դասախօսներուն դերակատարութիւնը հայրենիքի փրկութեան առումով:
ՀՅԴի ներկայացուցիչները, ներկաներուն խնդրանքով, անդրադարձան նաեւ Արցախի նախագահին հրաժարականի պահանջի մանրամասնութիւններուն, հետագային կատարուելիք աշխատանքներուն եւ բնակչութեան ֆիզիքական ապահովութեան վերաբերող հարցերու: