Մխիթարեան «Ռոմա»Ի Հետ Իր Պայմանագիրը Երկարաձգեց
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ Զաղրեպի մէջ հիւրը եղաւ Խրուաթիոյ, Երեքշաբթի օր արձանագրեց յաղթանակի համազօր հաւասարութիւն մը` 1-1 արդիւնքով:
Աշխարհի փոխախոյեանը մրցումին 24րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը` շնորհիւ Իվան Փերիսիչի:
Սակայն, մարզիչ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած Հայաստանի կազմը յաջողեցաւ մրցումին 72րդ վայրկեանին նշանակել իր հաւասարութեան կօլը՝ շնորհիւ Վպէյմար Անկուլոյի:
Մրցումէն ետք Քափարոսի յայտնեց, որ դաշտ ներկայացած կազմը տուաւ իր առաւելագոյնը` տպաւորիչ խաղ մը ցուցադրելով:
Միւս կողմէ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, որ այս մրցումէն բացակայեցաւ Քափարոսի կողմէ նկատի չառնուելէ ետք, նոյն օրը իր պայմանագիրը երկու տարիով երկարաձգեց իտալական իր ակումբին` «Ա. Էս. Ռոմա»ի հետ: Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց հռոմեան ակումբը: