Յատուկ «Ասպարէզ»ին համար գրուած յօդուածով մը, Բրիտանահայկական մարդասիրական խմբակէն Մարինա Մաթէոսեան կը գրէ, թէ անցեալ տարուան 10 Նոյեմբերին, ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ Բերձորի մէջ գերի բռնուած լիբանանահայ Վիգէն Էլճէքճեան անցեալ շաբաթ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
Յիշեցնենք, որ Վիգէնը գերի առնուած էր նոյնպէս լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի հետ, որ 10 Մարտին ազատ արձակուեցաւ:
[embedyt] https://www.youtube.com/watch?v=1fpnyTZm714[/embedyt]
Մաթէոսեան կը յայտնէ, թէ Վիգէնին հիւանդանոց փոխադրուած ըլլալուն տեղեկութիւնը ստացած է անոր մօրմէն՝ Պիաթրիսէն եւ 18ամեայ դուստրէն՝ Քրիսթինէն, որոնք կրցած են անջատաբար կարճատեւ հեռաձայնային զրոյցներ ունենալ Վիգէնին հետ։
Վիգէնը հիւանդանոց փոխադրուած է կռնակի սուր ցաւերու պատճառով։
Պիաթրիսը եւ Քրիսթինը, որոնք բաւարար յստակացումներ չեն կրցած ստանալ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, մտահոգութիւն յայտնեցին Վիգէնին ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան վատթարացումին նկատմամբ եւ անգամ մը եւս կոչ ըրին Պաքուի իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ազատ արձակեն իրենց զաւակը եւ հայրը, «որ արդէն բաւական չարչարանք կրած է»։
Բրիտանահայկական մարդասիրական խմբակը աշխատանք կը տանի բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու նպատակով։
Մարինա Մաթէոսեանի յօդուածը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ՝ այցելելով կայքէջը։