ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան նամակներ յղեց առաւել քան 100 քոնկրեսականներու, որոնք Ճօ Պայտընի վարչակարգին հասցէագրուած եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին նախաձեռնած 19 Փետրուար թուակիր նամակով կոչ ըրած էին Ուաշինկթընին, որ գործնականապէս մասնակցի հայ գերիները ազատ արձակելու ջանքերուն եւ կասեցնէ Պաքուի տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը։
Իր նամակին մէջ, Համբարեան ցաւ կը յայտնէ, որ արտաքին գործոց նախարարութեան 6 Մայիս թուակիր նամակին մէջ քոնկրեսականներուն կողմէ նշուած վեց կէտերէն ոչ մէկուն մասին հայութեան ակնկալիքները բաւարարած է՝ դատապարտելով յատկապէս այն իրողութիւնը, որ հակառակ քոնկրեսականներուն այն պահանջին, թէ այդ գերիներուն անմիջական ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն մէջ ամերիկեան կողմը պէտք է ղեկավարի դիրք ստանձնէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյնիսկ չէ անդրադարձած առաւել քան 200 հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն:
Նաեւ, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա չեն նկատուած իբրեւ նախայարձակ կողմ, եւ նախարարութիւնը նախընտրած է խօսիլ «անցեալ տարուան զինեալ բախումներ»ու տարազով:
Արցախը վերակառուցելու համար անմիջական յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու պահանջը եւս անպատասխան մնացած է, իսկ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնը սառեցնելու եւ այլ պատժամիջոցներ որդեգրելու, ինչպէս նաեւ Պաքուի կողմէ արգիլեալ զէնքերու, ամերիկեան արհեստագիտութեամբ օժտուած անօդաչու թռչող սարքերու եւ վարձկան զինեալներու օգտագործումը դատապարտելու պահանջները անտեսուած են:
Իր նամակին մէջ, Համբարեան կը շեշտէ, թէ Ուաշինկթըն պէտք է անմիջապէս կասեցնէ Պաքուի յարձակողապաշտ քայլերը եւ ոչ թէ քաջալերէ զայն՝ ռազմական աջակցութիւն տրամադրելով։
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։