ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- 16 Մայիսին սփռուեցաւ Մոնթրէալի հայկական համաշխարհային աջակցութեան կեդրոն (ՄՀՀԱԿ-CAMAM) բարեսիրական կազմակերպութեան առցանց նուիրահաւաքը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Օթթաուայի քաղաքակեդրոնին մէջ ՄՀՀԱԿի գնած նոր կալուածին եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն խթանման ի նպաստ առցանց հանգանակութեան մեկնարկը:
ՄՀՀԱԿը այս առիթով յատուկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարած էր, որ նոր կալուած-շէնքին մէկ մասնաբաժինին մէջ պիտի տեղակայուի Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCC) նոր գրասենեակը:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատաքները խթանելու եւ ՄՀՀԱԿի Օթթաուայի շէնքը գնելու համար ցարդ հանգանակուած գումարը հասաւ 683 հազար գանատական տոլարի:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Գանատայի տարածքին գործող ամէնէն ազդեցիկ հայկական քաղաքական կառոյցն է եւ Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող իր յանձնախումբերով կը գործէ աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր:
25 Ապրիլ 2006ին բացումը կատարուած էր Օթթաուայի Հայ Դատի գրասենեակին: Այդ օրուընէ ի վեր այնտեղէն կը տարուի նպատակաուղղուած աշխատանք եւ արդէն իսկ 15 տարուան իր գործունէութեան ընթացքին գրասենեակը դարձած է տեղեկատուական եւ բանակցային-յարաբերական ազդեցիկ կեդրոն:
Իր նոր կեդրոնատեղիէն Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր հայրենատիրական առաքելութիւնը՝ պաշտպանելով Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքները՝ գանատական քաղաքական բեմին վրայ:
Առցանց միջոցառման ընթացքին, յանձնախումբի առաքելութիւնը կիզակէտ ունենալով՝ յատուկ պատգամներ փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, Գանատայի Հայոց թեմի Բաբգէն արք. Չարեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի փոխատենապետ Սարօ Տէր Պետրոսեան, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հրակ Տարագճեան, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի փոխատենապետ Շահէն Միրաքեան, ինչպէս նաեւ յատուկ զօրակցական ուղերձ փոխանցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան:
Նուիրահաւաքը կը շարունակուի եւ ի մօտոյ պիտի յայտարարուի հանգանակութեան վերաթարմացուած գումարը: