Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» (Հալէպ), «Վահան Նաւասարդեան» (Լաթաքիա) եւ «Համօ Օհանջանեան» (Քեսապ) մասնաճիւղերու գործակցութիւնը արդիւնաւորուեցաւ «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի Աշուղական համոյթին Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ ունեցած ելոյթներով, մեծաթիւ հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:
Համոյթը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Րաֆֆի Ապէճեանի՝ Շաբաթ, 1 Մայիսին, Լաթաքիոյ մէջ, իսկ Կիրակի, 2 Մայիսին Քեսապի մէջ ներկայացուց աշուղական արուեստի գոհարներ՝ նուագախումբին եւ մենակատարներուն կատարողութեամբ:
Համերգներու աւարտին խօսք առաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան, որ գնահատեց Համազգայինի Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերէն երեքին գործակցութիւնը, որուն արդիւնքով իրականութիւն դարձաւ այս ձեռնարկը: Ան գնահատեց նաեւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը եւ արուեստագէտները:
Ըստ անոր՝ համոյթը արհեստավարժ խումբի որակ նուաճած է եւ յաջողած բարդ երգեր ներկայացնել ներդաշնակ կատարումով, մենակատարներու տպաւորիչ ու հարազատ երգեցողութեամբ:
Ապա Պօղիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութիւններուն, համոյթի անդամներուն եւ հանդիսականներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ պատերազմի պայմաններուն բերումով, տարիներու բացակայութենէ ետք, հատել աշխարհագրական հեռաւորութիւնները եւ գործակցաբար հայ աշուղական արուեստի գեղեցիկ խճանկար մը հրամցնել մեր ժողովուրդին:
Լաթաքիոյ մէջ խօսք առաւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին՝ վեր առնելով մշակութային ձեռնարկներու կարեւորութիւնը լաթաքիահայ կեանքին մէջ:
Լաթաքիոյ մէջ համերգին ներկայ էին նաեւ ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Համազգայինի երկու մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները:
Միւս կողմէ, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան բարձր գնահատեց համազգայնականներու եռանդը եւ գործակցութիւնը՝ դիտել տալով, որ համոյթին Հալէպէն Քեսապ ժամանումին եւ հաճելի յայտագիր մը հրամցնելուն շնորհիւ, քեսապահայութիւնը բերկրալի պահեր ապրեցաւ:
Համերգին ներկայ էին նաեւ Քեսապի գիւղապետը, հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներու, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչները եւ երեք մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները: