ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վահրամ Դումանեան նամակ յղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէնին` մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճարին մէջ իրականացուող գործողութիւններուն վերաբերեալ:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ 27 Սեպտեմբեր 2020ին, Արցախի վրայ սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին, ռազմական յանցագործութիւններու կողքին, Ատրպէյճան դիտաւորեալ կերպքվ թիրախ դարձուց Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Մայր տաճարը, որուն իբրեւ արդիւնք ոչնչացուեցաւ տաճարին երկու գմբէթներէն մէկը` խախտելով «Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի Հաագայի ուխտի երկրորդ արձանագրութիւնը:
«Աւելին, համացանցում շրջանառուող բազմաթիւ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր ապացուցում են, որ ռազմական գործողութիւնների դադարեցումից յետոյ տաճարը վանդալիզմի է ենթարկուել, եւ ադրբեջանական ուժերի կողմից վնասուել է երկրորդ գմբէթը: Վերջերս Ադրբեջանը «շինարարական աշխատանքների» պատրուակով հանել է տաճարի գմբէթը` փորձելով փոխել յուշարձանի պատմական եւ ճարտարապետական ամբողջականութիւնը եւ աղաւաղել դրա հայկական ինքնութիւնը», կը նշուի նամակին մէջ։
Վահրամ Դումանեան շեշտեց, որ բազմաթիւ հիմքեր կան հաւատալու, որ Ադրբեջան կանխամտածուած կերպով կ՛արգելափակէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի փորձագէտներուն մուտքը հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրերը` իր կատարած ռազմական յանցագործութիւնները թաքցնելու համար: Ընդ որում` Ատրպէյճան աշխուժ կերպով կը կատարէ պատմական փաստերը կեղծելու քաղաքականութիւն` Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրերը կոչելով «կովկասեան ալպանական»:
Նախարարը նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղէ ՝ դատապարտելու հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրերը ոչնչացնելու եւ իւրացնելու փորձերը: