ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 7 Մայիսին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Արցախի ջուրի ապահովութեան վերաբերեալ նամակներ յղեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքին:
Նամակներուն մէջ կը նշուի, որ 27 Սեպտեմբեր 2020ին, Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը լուրջ սպառնալիքներ ստեղծած է Արցախի Հանրապետութեան ջուրի ապահովութեան համար: 9 Նոյեմբեր 2020ին ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին եռակողմանի յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Քարվաճառի շրջանը, որ Արցախի ջուրի պաշարներու հիմնական աղբիւրն է:
Այժմ Արցախի Հանրապետութեան մէջ օգտագործուող ջուրին շուրջ 98 տոկոսը սկիզբ կ՛առնէ Քարվաճառի մէջ: Այնտեղ կը գտնուին նաեւ Սեւանայ լիճը սնուցող Արփա եւ Որոտան գետերուն ակունքները: Սեւանի մէջ կեդրոնացած է Հայաստանի ջուրի պաշարներուն 80 տոկոսը. առանց այդ գետերուն Սեւանին բնապահպանական աղէտ կը սպառնայ։