ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսը 23 Ապրիլ 2021 թուակիր նամակ մը ստացաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսէն:
Յիշեալ նամակին մէջ, ողջունելով հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն բարեկամական կապերը՝ վարչապետ Միցոթաքիս կ՛ըսէ. «Ժամանակի խորութեան մէջ կը ցանկանք առաւել ամրապնդում մեր պատմական կապերուն»: Ապա, ան իր բարեմաղթութիւնները կը ներկայացնէ Հայաստանին, մեր ժողովուրդին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. մօտէն կը ճանչնայ Յունաստանի վարչապետը եւ Աթէնք իր այցելութիւններուն առիթներով հանդիպումներ ունեցած է անոր հետ՝ նախարար եղած օրերուն: