Այս Շաբաթ, 8 Մայիս 2021ի երեկոյեան ժամը 5ին (Պէյրութի ժամով), բացումը պիտի կատարուի համաՀՄԸՄական մարզական առցանց Ա. համագումարին, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է միութեան պատմութեան մէջ: Արդարեւ, 1982էն սկսեալ, քառամեայ դրութեամբ կազմակերպուած են համաՀՄԸՄական սկաուտական համագումարներ, սակայն մարզական համագումար ցարդ չէ կատարուած:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացուող այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան 21 շրջաններէն մարզական պատասխանատուներ եւ մարզիչներ: Հիւրաբար կը մասնակցին Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններու ներկայացուցիչները:
Համագումարը կ՛երկարի երկու Շաբաթ օրերու վրայ, 8 եւ 15 Մայիս 2021ին, օրակարգի վրայ ունենալով միութեան մարզական կեանքը հետաքրքրող բազմաթիւ նիւթեր՝ Շրջաններու մարզական կեանքի ընդհանուր գնահատում եւ արժեւորում, մարզական կեանքի նպատակ եւ առաջադրանքներ, մարզական կանոնագրութեան վերամշակում, մարզական կեանքի պատշաճեցում «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պայմաններուն, առցանց մարզախաղերու ծրագիր, յատուկ խնամքի կարօտ փոքրիկներու «Հրաշք» մարզախաղեր, համաՀՄԸՄական ԺԱ. մարզախաղեր (Հայաստան, 2022) եւ այլն:
Համագումարին բացման, կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան խօսքերուն կողքին, մասնակցողներուն տեսակապով ողջոյնի խօսքեր պիտի փոխանցեն եւ մարզական իրենց փայլուն անցեալին մասին վկայութիւններ պիտի ներկայացնեն վաստակաշատ մարզիկներ Արա Յակոբեան, Հրաչ Սիսեռեան եւ Սելլա Թնճուկեան: Համագումարին կը ներկայացուին այս առիթով պատրաստուած երեք տեսանիւթեր՝ ՀՄԸՄի մարզական կեանքին, «Հրաշք» մարզախաղերու եւ համաՀՄԸՄական մարզախաղերու պատմութեան մասին:
Բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը ուղղակի պիտի սփռուի ՀՄԸՄի դիմատետրի էջի հետեւեալ կապով՝ https://www.facebook.com/MyHomenetmen։