ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործավար Մարթին Լոնկտըն Չորեքշաբթի, 5 Մայիսին, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը՝ ընկերակցութեամբ ՄԱԿի բարգաւաճման ծրագիրի («Եու.Էն.Տի.Փի.») ներկայացուցիչ Սելին Մոյրուտի: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետարանի բարձրաստիճան պատասխանատուներ դիմաւորեցին հիւրերը եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Այս առիթով Լոնկտըն քաղաքապետ Պօղօսեանէն եւ Մոյրուտէն տեղեկացաւ բրիտանական դեսպանատան ֆինանսաւորումով Պուրճ Համուտի մէջ իրականացած բարգաւաճման կարգ մը ծրագիրներու գործադրութեան արդիւնքներուն։ Խորհրդակցութիւնները նաեւ կեդրոնացան Պուրճ Համուտի մէջ քաղաքապետական ընկերային ոստիկաններու պատրաստութեան եւ Մարաշ փողոցի բարեզարդման ծրագիրներուն վրայ:
Աւարտին բրիտանացի դիւանագէտը իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը արտայայտեց՝ իրագործուած ծրագիրներու կենսունակութեան եւ արդիւնաւէտութեան համար: