ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Մոնթրէալի հայկական համաշխարհային աջակցութեան կեդրոն (ՄՀՀԱԿ-CAMAM) բարեսիրական կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի քաղաքամէջին մօտակայ շրջանի մը մէջ գնած է նոր կալուած մը:
ՄՀՀԱԿը այս առիթով կը յայտարէ, որ հպարտ է, որ նոր կալուած-շէնքին մէկ հատուածին մէջ պիտի տեղակայուի Գանատայի ամէնէն ազդեցիկ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան կազմակերպութեան՝ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCC) նոր գրասենեակը:
Բարեսիրական կազմակերպութիւնը, անդրադառնալով վերոնշեալ նախաձեռնութեան կարեւորութեան՝ կը շեշտէ, որ այժմ, առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ է գանատահայ համայնքի նիւթական աջակցութիւնը, որպէսզէ Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի ճիգերուն շնորհիւ շարունակուի մարդասիրական օգնութեան հոսքը մեր հայրենակիցներուն, ապահովուի Արցախի անվտանգութիւնը, ապահովուի հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ պաշտպանուին հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնները:
Առ այդ, հաստատուած է առցանց նուիրահաւաքի կայքէջ մը, իսկ 16 Մայիսին պիտի սփռուի CAMAM-ի նուիրահաւաքի յատուկ առցանց ծրագիրը՝ CAMAM-ի Facebook-ի հարթակով:
1991ին կեանքի կոչուած CAMAM-ը,հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած տարբեր մարդասիրական կարիքները հոգալու առաջադրանքով՝ 30 տարիէ ի վեր նպատակաուղղուած աշխատանք կը տանի:
CAMAM-ը (Centre D’assistance Mondiale Armenien De Montreal) Գանատայի մէջ գրանցուած բարեսիրական կազմակերպութիւն է, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Մոնթրէալ: 1991էն ի վեր CAMAM-ը ջանք չէ խնայած աշխարհի տարբեր հայ համայնքներուն անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Արցախեան ազատամարտի օրերէն մինչեւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու դիմագրաւած տարբեր մարտահրաւէրները՝ CAMAM-ի օժանդակութիւնները հասած են Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներ: