ՊԸՐՔԼԻ, Քալիֆորնիա.- Հայաստանի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն մշակող «Փարոս» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 30 Յունիսէն 31 Հոկտեմբեր ի միջեւ, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն տարբեր տարիքի երիտասարդներու անգամ մը եւս առիթ պիտի ընծայէ գործնականապէս իրենց ներդրումը բերելու Հայաստանի մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման գործին, կազմակերպութեան զանազան ծրագիրներուն ընդմէջէն:
30 Յունիսէն 18 Յուլիսին իրականանալիք ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 17-23էն տարեկանները, 16 Յուլիսէն 1 Օգոստոսի ծրագիրին՝ 24-45 տարեկանները, իսկ հայ արհեստավարժներու (24-45 տարեկան) յատուկ ծրագիր մը պիտի իրականացուի 15-31 Հոկտեմբեր ին։
2013էն ի վեր գործող այս ծրագիրին մասնակցողները նաեւ առիթը կ՛ունենան այցելելու Հայաստանի եւ Արցախի պատմական, կրօնական, մշակութային եւ տեսարժան վայրերը:
Դիմումնագիրներ ներկայացնելու ժամկէտը 15 Մայիսն է:
Մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել «Փարոս» կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեանին՝ (310) 400-9061 թիւով։
Դիմումնագիրներուն եւ կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը: