ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Չորեքշաբթի օր ողջունեց Ատրպէյճանի կողմէ երեք հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակումը:
«Թուիթըր»ի վրայ ան գրած է, որ Միացեալ Նահանգները կոչ կ՛ընէ հակամարտութեան կողմերուն, որ ամբողջութեամբ եւ արագօրէն աւարտեն գերի պահուող բոլոր անձերուն փոխանակման գործընթացը եւ յարգեն բանտարկեալներուն նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունքը ապահովելու պարտաւորութիւնները: