
«Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւ անձնակազմը կը գուժեն իրենց տարիներու զօրակցող եւ բարերար՝ Սառա Զարուհի Չիթճեանի մահը, որ պատահեցաւ 3 Մայիս 2021ին, Լոս Անճելըսի իր բնակարանի խաղաղ պայմաններուն մէջ:
Չիթճեան ծնած է Մեքսիքօ Սիթի: Ան զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեաններու։ Ան ընտանիքին հետ 1935ին հաստատուած է Արեւելեան Լոս Անճելըս: Ան շրջանաւարտ է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն։
1956էն սկսեալ, Սառա Չիթճեան 34 տարիներ դասաւանդած է Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանին մէջ, իսկ հանգստեան կոչուելէ ետք, ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցած է իր ծնողքին, մանաւանդ հօր վկայութիւնները վաւերագրելու գործը, որ երկարատեւ աշխատանքէ ետք վերածուեցաւ գիրքի՝ «Մազի չափ Մահին Մօտ. Եղեռնէն Վերապրողի Յուշեր» խորագիրով: Սառային անխոնջ եւ նուիրեալ ջանասիրութեամբ գիրքը թարգմանուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ անգլերէնով եւ թրքերէնով։
Սառա Չիթճեան նաեւ կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Ապրիլ 24ը Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի աշակերտներուն համար արտօնեալ բացակայութեան օր հռչակելու ջանքին մէջ, եւ նպաստած է Հայաստանէն նոր ժամանած աշակերտներուն յատուկ ծրագիրներ պատրաստելու աշխատանքին։
Սառա Չիթճեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին մէջ հաստատած է Յետ-եղեռնեան ուսումնասիրութիւններու Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեաններու անուան հիմնադրամը։ Ան հիմնարկէն ստացաւ «Ժառանգութեան մրցանակը»։
Սառան աջակցած է նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) հայագիտական ծրագիրներուն եւ համալսարանի հնագիտութեան «Քոթսեն» հիմնարկին մէջ հաստատած է Չիթճեանի անուան հայկական հնագիտական ուսումնասիրական ծրագիրը։
Ան նեցուկ կանգնած է նաեւ նոյն համալսարանին Համաշխարհային առողջապահութեան կեդրոնին եւ Երեւան հաստատուած «ԱրմՃենիա» ուսումնասիրական ու մարդասիրական հիմնարկին միջեւ համագործակցութեան՝ հայութեան ծագումնաբանական քարտէսը պատրաստելու եւ հայութեան ծինային արմատները աւելի լաւ հասկնալու նպատակով։
Չիթճեան մեծարուած է նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու ենթայանձնախումբին կողմէ ու անոր անունով կոչուած էր Հայոց Ցեղասպանութիւն, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ դասաւանդող արտակարգ հայ ուսուցիչներ մեծարելու նպատակով հաստատուած յատուկ մրցանակը։
Սառային երկարատեւ գործակցութիւնը «Ասպարէզ» օրաթերթին հետ եղած է սերտ եւ փոխվստահութեան ամուր հիմքի վրայ: Իր երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններու ժամանակշրջաններուն ան վստահած է թերթին՝ օգտագործելով անոր հարուստ արխիւները եւ խմբագրութեան սիրայօժար եւ անվարան աջակցութիւնը:
Սառա Չիթճեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Հայկական Հարցը ու հայ մշակոյթը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու գործին, նաեւ ըլլալով առատաձեռն բարերար բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ անձերուն, որոնք վերը նշուած իր նպատակներուն ուղղութեամբ գործ կը կատարեն: