ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով 5 Մայիսի երեկոյեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ հասաւ Հայաստան։ Այս ծիրին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ, որոնց հետ քննարկման առաջնային թեման պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020ին եւ 11 Յունուար 2021ին ձեռք բերուած պայմանագիրներու կեանքի կոչումը:
Զուգահեռաբար, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունենալով՝ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին: Ըստ Քրեմլինի՝ խօսուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերուն մասին, որոնց կարգին կրակի եւ հակամարտութեան գօտիին մէջ բոլոր ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ վերահսկողութեան՝ ռուս-թրքական կեդրոնի գործունէութեան պարունակին մէջ։