ԵՐԵՒԱՆ.- Այս օրերուն Արցախ գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնութեամբ՝ հանդիպում ունեցան Արցախի երիտասարդներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ Արցախի միջազգային ճանաչման վերաբերող կատարուելիք աշխատանքներուն մասին։
Մարիօ Նալպանտեան անդրադարձաւ 1950-60ական թուականներուն Հարաւային Ամերիկայի ժողովրդական շարժման եւ Քուպայի յեղափոխութեան` զայն համեմատելով այսօրուան Արցախեան իրականութեան հետ: