Վերջին օրերուն, Հայաստանի մէջ նոր թափ ստացած են իրաւապահ մարմիններու ապօրինութիւնները։ Փորձ կը կատարուի արժանապատիւ քաղաքացիներուն բողոքի ձայնը լռեցնելու՝ ոստիկանական բիրտ ուժի կիրարկումով, ձերբակալութիւններով եւ շինծու քրէական գործեր յարուցելով։
Ակնյայտ է, որ իրաւապահ մարմիններու այս գործելակերպը ուղղակիօրէն թելադրուած է օրուան իշխանութիւններուն կողմէ։ Հայաստանի վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը բացայայտ կերպով կը փորձէ ապօրինի հրահանգներով ուղղորդել դատախազութեան ու քննչական մարմինները՝ թիրախ դարձնելով քաղաքական հակառակորդները։
Քաղաքական հետապնդումներու թիրախ դարձած են յատկապէս ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան պատասխանատուները, անդամներն ու համակիրները։ Բռնութիւններու եւ քաղաքական հետապնդումներու միջոցով փորձ կը կատարուի կոտրել հայրենիքի փրկութեան համար սկսած պայքարի ոգին։ Նման գործելաոճը ցոյց կու տայ օրուան իշխանութիւններուն մօտ քաղաքական ճգնաժամը։ Սանձազերծուած բռնաճնշումները աւելի պիտի խորացնեն այդ ճգնաժամը։
Այսու, մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք յանուն հայրենիքի եւ արժանապատւութեան պայքարի դրօշ բարձրացուցած քաղաքացիներուն, իսկ իշխանութիւններուն եւ անոնց կամակատար ուժային կառոյցներուն կը յորդորենք մնալ օրէնքի եւ օրինականութեան շրջանակներուն մէջ։
Կը յիշեցնենք, որ հայրենիքի եւ ազգի ազատագրութեան, Հայաստանի մէջ հայ մարդուն եւ քաղաքացիին ազատ եւ արժանապատիւ կեանքի պայմանները կերտելու ճանապարհին՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը որեւէ ճնշումէ վախցողը չէ։ Վկան՝ ՀՅԴի 130 տարուան պատմութիւնը։
1 Մայիս 2021