ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 29 Ապրիլին եռօրեայ այցելութեամբ Արցախ ժամանեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
30 Ապրիլին, ՀՅԴ Բիւրոյին նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի գործող եւ նախկին նախագահներուն հետ: Տեսակցութիւններ տեղի ունեցան նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին, Արցախի արտաքին գործոց նախարարին, ՀՅԴ անդամներուն եւ երիտասարդներուն հետ:
«Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը տեղեկացուց, որ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ կայացած համատեղ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պատերազմի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ, համայն հայութեան ներուժի կեդրոնացումով, նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարման միտուած նախաձեռնութիւններու իրականացումը: Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ քաղաքական, անվտանգութեան, տնտեսական ու ընկերային արտաքին հարցերուն մասին:
Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ հանդիպման ընթացքին հիմնականին մէջ քննարկուեցան արտաքին ուժերուն հետ աշխատանքներու համադրման հարցը:
Արցախի խորհրդարանական միւս ընդդիմադիր ուժերու ղեկավարներուն` «Արցախի ժողովրդավարական» կուսակցութեան նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեանի հետ հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան:
Այցելութեան մասին «Ապառաժ»ի հետ զրուցելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ, իր նախորդ այցելութեան հետ բաղդատելով, բնակչութեան տրամադրութեան փոփոխութիւն նկատելի է։
«Ես Արցախ այցելեցի նաեւ Դեկտեմբերին: Այն ժամանակ բոլորը աւելի ընկճուած վիճակի մէջ էին: Այս անգամ տարբերութիւնը զգալի է յատկապէս Ստեփանակերտի մէջ. եռուզեռ կայ, մարդոց վերադարձը նկատելի է: Տայ Աստուած, որ այդ վերադարձը մնայուն բնակութեան նպատակով ըլլայ, եւ արտագաղթը կասեցուի: Անցեալ անգամ յուսահատութիւն կը տեսնէի, հիմա վճռականութիւն նկատեցի: Մենք ալ կը փորձենք միջոցներ գտնել, որպէսզի ժողովուրդը դուրս բերենք այդ վիճակէն եւ դարձեալ անոնց մէջ արմատաւորենք վճռականութիւնը եւ յարատեւ պայքարի համոզմունքը», դիտել տուաւ Տէր Խաչատուրեան:
Ըստ անոր` Դաշնակցութեան կառոյցները, ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակները նախորդ ամիսներուն աշխատանքներ ծաւալեցին, որպէսզի համաշխարհային հանրութիւնը տեսնէ, թէ ինչպիսի՛ն է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակողական դիմագիծը եւ ամուր կանգնի Արցախի կողքին:
Արցախ կատարած այցելութեան վերջին օրը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մասնակցեցաւ նաեւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի փակման արարողութեան:
«Պատանիներէն իւրաքանչիւրին հայեացքին մէջ կը տեսնեմ վճռականութիւն, ապագայի նկատմամբ հաւատք եւ իրենց պատրաստակամութիւնը՝ ամէն գնով աշխատելու, որ Արցախը մնայ կանգուն եւ իրականանայ Արցախի ամբողջականութեան վերականգնումը», շեշտեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին Արցախ կատարած այցելութիւնը ունէր նաեւ ներքին կազմակերպական ուղղուածութիւն. տեղի ունեցաւ հանդիպում Արցախի կուսակցական շրջանակներուն հետ:
Աւարտելով հանդիպումները` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ ամփոփեց այցելութեան արդիւնքները եւ նոր մարտահրաւէրները դիմակայելու միտուած կատարուելիք աշխատանքները։