Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ քայլարշաւ-ցոյցերով նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակը:
Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան կատարեց յատուկ պատարագ: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ 106 տարիներու Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը, պատմութեան նենգափոխումը, Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձաններու բնաջնջումը բաւարար չէին, 14 Յուլիս 2020ին, Թուրքիոյ նախագահին ամբարտաւան ու անամօթ յայտարարութիւնը կու գար առաւել եւս կոտտացնելու հայուն կարեվէր սիրտը, թէ՝ «պիտի շարունակենք ամբողջացնել մեր մեծ հայրերու առաքելութիւնը Կովկասի մէջ»:
«Նման յայտարարութիւններ համաճարակէն աւելի վտանգաւոր են թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ շրջանին, նաեւ մարդկութեան համար առհասարակ: Հայոց Ցեղասպանութեան անուրանալի ոճիրը գէթ մասամբ կարելի է դարմանել միայն ու միայն ներողութիւն խնդրելով եւ արդար հատուցում կատարելով հայ ժողովուրդին», ըսաւ առաջնորդը: Ապա տեղի ունեցաւ քայլարշաւ շրջանի ՀԵԴի երկու մասնաճիւղերուն՝ «Մուշ» (Մենհեթըն) եւ «Հայորդիք» (Նիւ Եորք), կազմակերպութեամբ:
Հաւաքը տեղի ունեցաւ «Ուաշինկթըն» հրապարակին վրայ: Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք խօսք առնողներու շարքին էր շրջանի Հայ Դատի ներկայացուցիչ Թերեզա Երիմեան, որ շեշտեց հետեւողական պայքարի անհրաժեշտութիւնը, մանաւանդ որ թրքական եւ ատրպէյճանական լոպին հետզհետէ կը փորձէ թափանցել քարոզչական զանազան միջոցներով:
Խօսք առին նաեւ երիտասարդականներ՝ շեշտելով, թէ ժամանկը չէ անտարբերութեան, որ կրնայ պատճառ դառնալ դասալքութեան:
Յաջորդ օրը տեղի ունեցաւ քայլարշաւ եւ հաւաք: Այս հաւաքին մասնակցողներուն թիւը կը հասնէր 500ի: Շրջանի հովիւ Սարգիս Ագթաւուգեան կատարեց պատարագ: Իսկ Խօսք առնողներու շարքին էին Մարի Ստեփանեան (ՀՄԸՄ) եւ Արենի Մարկոսեան (ՀԵԸ):
ՊՈՍԹԸՆ
Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, առաւել քան երկու հարիւր հայորդիներ նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակը, կատարելով քայլարշաւ մը «Պոսթըն Քամըն»էն դէպի «Ժառանգութեան Այգի», ուր տեղադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը:
ՀՄԸՄի սկաուտները եւ երիտասարդականի անդամներ առաջնորդեցին քայլարշաւին մասնակցողները:
Նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը շատ աւելի եռանդ ստեղծած էր ներկաներուն մօտ, որոնք իրենց խոր շնորհակալութիւնը յայտնեցին Սպիտակ տան:
Գրեթէ մէկ մղոն քալելէ ետք, «Ժառանգութեան Այգի»ին մօտ գտնուող յուշարձանին շուրջ սկսաւ օրուան յայտագիրը:
Այս հաւաքին մասնակցողներու շարքին էր նաեւ «Նիւ Ինկլընտ Փաթրիըց» ամերիկեան ֆութպոլի կազմի վարչական պատասխանատուներէն Պերճ Նաճարեան, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած է Հայ Դատին:
«Թիկունք կանգնեցանք անոնց, որոնք ճակատեցան վերջին պատերազմին: Պայքարը դեռ կը շարունակուի: Միայն մենք՝ հայերս չենք: Կան շատ մը այլ փոքրամասնութիւններ, որոնք տուժած են եւ դեռ կը տուժեն«, ըսաւ Նաճարեան:
Հաւաքին նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Մհեր Մնացականեանի, Զօրի Պապրուտիի եւ Լուսիա Պապիկեանի: