ՏԵՆՎԸՐ.- 23 Ապրիլին, Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանը եւ Ծերակոյտը միաձայնութեամբ հաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող եւ Արցախին զօրակցող թիւ 21-107 բանաձեւը, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ անցեալ տարի, Արցախի վրայ կատարուած յարձակումը Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն մէկն է։
Բանաձեւը ներկայացուցին Տոմինիք Մորենօ եւ Տանէիա Էսկար։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան դրուատեց նահանգին՝ հայութեան ջանքերով վաւերացուած այս բանաձեւին հաստատումը, յոյժ կարեւոր նկատելով Ցեղասպանութեան եւ Արցախի վրայ կատարուած յարձակումին միջեւ յստակ կապ հաստատող կէտը։
Ան աւելցուց, թէ նահանգային օրէնսդիրին հաստատած այս բանաձեւին կողքին, նահանգապետ Ճերըտ Փօլիս, ինչպէս նաեւ դաշնակցային Ծերակոյտին մէջ նահանգը ներկայացնող երկու ծերակուտականները՝ Մայքըլ Պենեթ եւ Ճան Հիքընլուփըր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչող յայտարարութիւններ կատարեցին։
«Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան ատենապետ Բիւզանդ Երէմեան համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգային խորհրդարանին, Ծերակոյտին, նահանգապետին եւ դաշնակցային ծերակուտականներուն։
Նաեւ, Ապրիլ 24ի երեկոյեան, նահանգին հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ պետական պաշտօնատարներ հաւաքուեցան նահանգային խորհրդարանի փակին մէջ զետեղուած հայկական խաչքար-յուշարձանին շուրջ, որ անցեալ տարի յարձակումի թիրախ դարձած էր, իրականացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան համայնքային ոգեկոչման ծրագիրը։