
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Սփութնիք Արմենիա».- Ուաշինկթընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը «գաւազանի եւ ստեպղինի» խաղի դրսեւորում է եւ ոչ թէ կարեկցանք՝ հայ ժողովուրդին նկատմամբ, յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Քրեմլինի բանբերը նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ գերիշխան քաղաքականութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի մօտ, այդ պատճառով ալ անոնք կը փորձեն սաստել Անգարան՝ ռուսական «Էս․ 400»ներ գնելու հարցին եւ Անգարայի այլ գործողութիւններու պատճառով:
«Ուաշինկթընի համար հաճելի չեն Էրտողանի ինքնավստահ քայլերը: Ամերիկա կը նախընտրէ զիջող Թուրքիա մը», ըսաւ Փեսքով:
Իր կարգին, Ռուսիոյ խորհրդարանի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի յայտնեց, թէ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը սպառնայ ամերիկեան դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցերու բազմապատկումով:
Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի՝ ան ըսած է հետեւեալը․ «Անհնազանդ Անգարան կը ջղայնացնէ ամերիկեան ղեկավարութիւնը», դարձեալ ակնարկելով «Էս․ 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տագնապին: