Նաեւ, Պոլսոյ Հայոց Սուրբ Յակոբ գերեզմանտան մէջ, Մեծ Եղեռնի առաջին յուշարձանը կանգնեցաւ, որն այնուհետեւ խորհրդաւոր կերպով ոչնչացնուեցաւ եւ հետքերը անհետք կորսուեցան։
Առաջին ոգեկոչումին տակաւին կը գործէր հին տոմարը: Երբ գործածութեան մէջ դրուեցաւ նոր տոմարը, 13 օրերու յաւելումէն ետք Ապրիլ 11ը վերահաշուարկուեցաւ եւ Ապրիլ 24ը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու ոգեկոչման օր:
Մարտ 1919ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնէն վերապրած խումբ մը մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ, Պոլսոյ մէջ վերոյիշեալ յանձնախումբը կազմուեցաւ, Մեծ Եղեռնի չորրորդ տարելիցը յիշատակելու համար: Յանձնախումբը կը բաղկանար 13 հայ մտաւորականներէ: Այս մտաւորականներու ջանքերու շնորհիւ 11/24 Ապրիլ 1919ին առաջին անգամ մեծ հադիսաւորութեամբ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը եւ նաեւ յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասի Ս. Յակոբ հայկական գերեզմանատան մէջ կանգնեցաւ Մեծ Եղեռնի առաջին յուշարձան:
Իսկ 12/25 Ապրիլ 1919ին, Պոլսոյ Բերա-Պէյօղլու թաղամասի հայոց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու հոգեհանգստեան պատարագ։ Պատարագիչն էր Մեսրոպ Նարոյեան սրբազանը: Ս. պատարագին հանդիսապետն էր օրուան Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Զաւէն Եղիայեանը։ Պատրիարք հայրը քարոզեց եւ իր քարոզին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ հետեւեալը. «Բոլոր այն նահատակները ցորենի հատիկներ են, հողին մէջ ծածկուած, եւ պիտի ծլին, բազում արդիւնք յառաջ պիտի բերեն…»:
Պոլսոյ հայ մամուլէն՝ «Վերջին Լուռ» օրաթերթը, Յակոբ Տէր Յակոբեան ստորագրութիւնով օրուան խորհուրդին անդրադարձաւ հետեւեալ տողերով: «Այսօր, երբ մեր սիրտերը կը ճմլուին անդարձօրէն կորած այնքան թանկագին էակներու վիշտին տակ, այսօր, երբ սուգի համեստ ցոյցով մը մեր արցունքը անգամ մըն ալ թափեցինք այնքան սիրական յիշատակներու ետեւէն… անոնց բաժանման չորս ահաւոր տարիներու անջրպետը յանկարծ կը կրճատուի, եւ մենք… կ՛ողջունենք, կ՛ողջագուրենք, կը համբուրենք զիրենք այն անբացատրելի գրկախառնումով եւ սրտազեղումով որ եղած ըլլայ երբեք»:
Ապրիլ 24ը պաշտօնապէս սգոյ եւ յիշատակի օր ամրագրելու որոշումը տրուած է, յիշատակումները սկսելէն 2 տարի վերջ՝ 1921ին: Այդ տարի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին յատուկ կոնդակով կը հաղորդէ 11(24) Ապրիլի «Համազգային Սգոյ Օր» հռչակումը, «ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակաց մերոց յընթացս համաշխարհային պատերազմին»:
Կաթողիկոսը կը յայտնէ, որ այդ օրը այսուհետեւ արձանագրուած է Էջմիածնի օրացոյցին մէջ որպէս «Սգոյ Օր», ուստի պէտք է արձանագրուի նաեւ պատրիարքարանի օրացոյցին մէջ:
11/24 Ապրիլ 1919էն սկսեալ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը դարձած է յուշարար մարդու կողմէ մարդուն դէմ գործուած անմարդկային վայրագութեան:
Ամէն տարի Ապրիլ 24ին, աշխարհի զանազան երկիրեներու հայաբնակ քաղաքներու մէջ տեղի կ՛ունենան սգոյ հանդիսութիւններ, ոգեկոչումներ, եկեղեցական արարողութիւններ եւ զանազան ձեռնարկներ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն:
Այդ օր Հայաստանի մէջ հազարաւոր մարդիկ կ՛այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ կը դնեն համալիրի անմար կրակին առջեւ։
Խունկ եւ աղօթք բիւրաւոր անշիրիմ նահատակներու յիշատակին։