ՄԱՐԻ (ՖԻԼՀԱՆՆԷՍԵԱՆ) ՊԱՊԻԿԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 26 Մարտ 1923ին, Պիթիաս-Մուսա Լեռ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, տալոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ, զարմուհիին, խնամիին եւ հարազատին՝ Մարի Պապիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 9 Ապրիլ 2021ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 30 Ապրիլ 2021ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ ժամը 10։30ին Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Drive, Los Angeles։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Նազարէթ Պապիկեան եւ զաւակները՝
Սագօ եւ Կարինէ Պապիկեան
Դրօ եւ Թալին Պապիկեան
Սարօ Պապիկեան
Զաւակը՝ Տիգրան եւ Մակի Պապիկեան եւ զաւակները՝ Մեղրի եւ Գառնի
Հանգուցեալ եղբօր՝ Սուրէն Ֆիլհաննէսեանի տիկինը՝ Ալիս Ֆիլհաննէսեան եւ զաւակները՝
Յովիկ եւ Քրիսթինա Ֆիլհաննէսեան եւ զաւակները
Վարդուկ եւ Արմէն Աշըրեան եւ զաւակները
Վրէժ եւ Լիաննա Ֆիլհաննէսեան եւ զաւակները
Հանգուցեալ քրոջ՝ Հռիփսիմէ Շիմշիրեանի զաւակները՝
հանգուցեալ Միհրան Շիմշիրեանի տիկինը՝ Շաքէ Շիմշիրեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Արաքս եւ Փիէռ Գուլաճեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Հանգուցեալ քրոջ՝ Վիկթօրիա Էմօղլեանի զաւակները՝
Սեդրակ եւ եւ Վարդուկ Էմօղլեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Աւետ եւ Քնար Էմօղլեան եւ զաւակները (Դամասկոս)
Րաֆֆի եւ Մարալ Էմօղլեան եւ զաւակները (Դամասկոս)
Խնամին՝ Մարի Սթամպուլեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Զարմուհին՝ Հերմինէ Իկարեան եւ զաւակները
Եւ համայն Պապիկեան, Ֆիլհաննէսեան, Շիմշիրեան, Էմօղլեան, Պաղպուտարեան, Սթամպուլեան, Շամիրեան, Կոլնազարեան, Փաշայեան, Շարպաթեան, Զանոյեան, Իկարեան, Արուշեան, Իֆատեան, Պաղչէճեան, Մկրեան, Ներսէսեան, Գրգիաշարեան, Տէր Յովհաննէսեան եւ Սարաֆեան ընտանիքները, հարազատները եւ բարեկամները:
In Lieu of flowers please make checks payable to: Hamazkayin Cultural and Educational Society. In memo please indicate: M. Babikian Endowment Fund.
ՄԱՐԻ ՊԱՊԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայնտէ հանգուցեալի զաւակին՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեանին եւ հարսին՝ Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհի եւ գրական միաւորի ատենապետուհի Մակի Պապիկեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՄԱՐԻ ՊԱՊԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը եւ յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն՝ յատկապէս հոգաբարձութեանս կազմի անդամ Նազարէթ Պապիկեանին եւ Ազգային վարչութեան նախկին անդամ Տիգրան Պապիկեանին եւ ընտանեկան պարագաներուն: Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը:
ՄԱՐԻ ՊԱՊԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւնը եւ անձնակազմը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ «Ասպարէզ»ի բարեկամ Տիգրան Պապիկեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։