Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլին, Արեւմտեան Ամեռիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու յանձնախումբի (CASPS) ներկայացուցիչներուն, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազանին՝ իրենց առաջադրանքներուն յաջողութեան ի նպաստ ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար, ապա յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին յանձնախումբի իրավիճակին ու գործունէութեան մասին:
Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց մը, որուն աւարտին առաջնորդը գնահատեց CASPS-ի գործունէութիւնը եւ հետապնդած նպատակները ու յաջողութիւն մաղթեց հետագայ բոլոր ծրագիրներուն: