ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա ու Իրան կարեւոր կը նկատեն Արցախի տագնապին քաղաքական-դիւանագիտական մնայուն լուծումը՝ «արդար հիմքի վրայ եւ ի շահ հայ ու ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն», եւ այս ծիրին մէջ քննարկեցին շրջանի երկիրներու հաւանական դերակատարութիւնը, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` Իրանի իր պաշտօնակից Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի հետ 13 Ապրիլին տեղի ունեցած իր հանդիպումի աւարտին:
Ան յայտարարեց, որ քննարկուեցան Արցախի կացութիւնը եւ Ռուսիոյ կողմէ գործադրուող միջնորդական ջանքերը, որոնց շնորհիւ կը պահպանուի կրակոցի դադրեցման համաձայնութիւնը: