ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է յատուկ դրամաշնորհ տրամադրուել Արցախեան պատերազմի վիրաւորներուն կամ հաշմանդամ դարձած անձերուն դարմանումներուն համար։
Նախարարութիւնը հաստատեց Հայաստան «Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներուն ու զինուորական հաշմանդամներուն» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցած ծրագիրին դրամաշնորհի տրամադրումը, հակառակ անոր, որ Հայաստան ներառնուած չէր 2021ի համար սահմանուած առաջնահերթութիւններու ցանկին մէջ: