ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրութեան եւ գծագրութեան մրցումներ, որոնց կրնան մասնակցիլ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու 9էն 12րդ դասարաններու աշակերտները:
Համաճարակին պատճառով, կազմակերպիչները որոշած են ստեղծագործութիւններուն ներկայացման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 15 Յունիս։
Շարադրութիւնը պէտք է գրուի՝ իբրեւ դիմում Facebook-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ պարտադրելու համար այնպիսի արգելքներ, որոնք արդէն ի զօրու են Հրէական Ողջակիզումը ուրացողներուն դէմ։
Գծագրութեան այս տարուան մրցանքին նիւթը «Միջմարդկային յարաբերութիւններ»ն է։
Շարադրութիւնները կամ ստեղծագործութիւնները պէտք է յղուին 1915essay@gmail.com հասցէին: Իւրաքանչիւր մրցանքի առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 1000 տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները՝ յաջորդաբար 750 եւ 500 տոլար։
Մրցանքներու պայմաններու մանրամասնութիւններուն համար այցելել http://asbarez.com/201659 կայքէջը: