ԳԱՀԻՐԷ, «Յուսաբեր»․- Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան ընդհանուր սպայակոյտը յայտնեց, որ տեղի ունեցաւ երկրին ազգային պաշտպանութեան, Եգիպտոսի զինուած ուժերու եւ Կիպրոսի ազգային պահակագունդի ընդհանուր սպայակոյտի պատուիրակութիւններու հանդիպումը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ 2021ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը։
Սոյն ծրագիրը ստորագրելով՝ երեք երկիրներու զինուած ուժերու ռազմական համագործակցութիւնը աւելիով պիտի բարելաւուի՝ միացեալ վարժութիւններու եւ ուսումնական գործողութիւններու միջոցով։
Ծրագիրին ստորագրութենէն ետք տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննուեցան ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ յատկապէս Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը ամրապնդելու ջանքերը, որոնք յաճախ կը բախին կայունութիւնը խախտելու՝ Անգարայի նկրտումներուն։