Կիրակի, 4 Ապրիլին, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմը, Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով, ապրեցաւ զատկական բացառիկ մթնոլորտ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ուր խուռներամ հաւատացեալներ իբրեւ պարգեւ ստացան յարուցեալ Յիսուսի ճշմարիտ լոյսէն ճառագայթող հոգեւոր ցոլքեր:
Թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ս. պատարագ մատոյց եւ իր հոգեթով պատգամը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մինչ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ընդառաջելով առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրին՝ պատարագեցին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեցին թեմի եկեղեցիներուն մէջ, հետեւեալ դասաւորումով. Եփրեմ արք. Թապագեան՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցի, Կոմիտաս արք· Օհանեան՝ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցի:
Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր խօսքը սկսաւ «Մեր Յիսուսը յարեաւ ի մեռելոց» բառերով եւ իր հօտին ուղղեց հոգեպարար քարոզ մը՝ մատնանիշ ընելով Յիսուսը՝ իբրեւ աշխարհի ամէնէն մեծ յեղափոխականը եւ «միակ ճամբան», որ մարդկութիւնը կ՛առաջնորդէ դէպի փրկութիւն եւ յաւիտենական կեանք:
«Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ մենք այսօր կը հրաւիրուինք տեսնելու նաեւ մեր ներքին կեանքին յարութիւնը», ըսաւ պատգամախօս սրբազան հայրը եւ յորդորեց հայ ազգի զաւակները՝ լայն բանալու իրենց սիրտին դուռը եւ ներս ընդունիլ Քրիստոսը՝ իբրեւ կեանքի միակ առաջնորդը, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ապրող բոլոր հայերուն համար:
«Մենք աւելի լաւ կրնանք ըլլալ մեր կեանքին մէջ, երբ աւելի սիրենք զիրար, մենք աւելի լաւ կրնանք լուծել մեր ազգին ու հայրենիքին առջեւ ծառացած բոլոր տեսակի դժուարութիւնները, երբ աւելի յարգանք, հանդուրժողականութիւն եւ փոխադարձ զիջման ոգի ցուցաբերենք միմեանց նկատմամբ եւ մեր անհատականէն աւելի բարձր դասենք ազգին գերագոյն շահերը», նշեց սրբազան հայրը՝ ընդգծելով, որ «այնքան ատեն որ մենք միասին ենք, միակամ ենք, ոչ մէկ ուժ, ոչ չարերը, ոչ մեղքերը, ոչ փորձութիւնները, ոչ ալ վատ կամ չար մարդիկ կրնան մեզ բաժնել իրարմէ: Այսօր եւս այն օրն է, որ մենք միասնաբար ըսենք ու յայտարարենք աշխարհին, թէ մենք մէ՛կ ենք, մենք նո՛յնն ենք, մենք նո՛յն ազգի նո՛յն զաւակներն ենք, մենք նո՛յն հայրենիքի նո՛յն զաւակներն ենք, մենք նո՛յն եկեղեցւոյ նո՛յն զաւակներն ենք: Եկէք երբեք չբաժնուինք իրարմէ, այլ՝ աւելի պինդ միանանք իրարու, որպէսզի հայ քրիստոնէական ուժը եռապատկուի, նոյնիսկ քառապատկուի, որպէսզի աւելի՛ ուժեղ եւ աւելի՛ հանգամանաւոր ներկայութիւն դառնանք աշխարհի վրայ, այլեւ Հիւսիսային Ամերիկայի այս ափին»:
Սրբազան հօր պատգամը վերջ գտաւ հաւաքական աղօթքով մը, որուն ընթացքին հօտ եւ հովիւ մէկութեան ի նպաստ խնդրանքներ բարձրացուցին առ Աստուած՝ ի խնդիր Հայաստան-Արցախ հայրենիքի խաղաղ ու ապահով կեցութեան, ազգի զաւակներուն մօտ քրիստոնէական հաւատքի առաւել հզօրացման, անոնց միջեւ եղբայրական սիրոյ ամրապնդման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ աշխարհի հայութեան կեանքին մէջ յարութեան տօնական մթնոլորտի յաւերժացման: