ԼՈՆՏՈՆ․- Երաժշտական արտադրութեան բրիտանական «Երիտասարդ Թուրք» ազդեցիկ ընկերութիւնը Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ այսուհետեւ իր անունէն պիտի վերցնէ թուրք բառը եւ պիտի որդեգրէ «Երիտասարդ» անունը։
Ընկերութիւնը բացատրեց, թէ երբ 2005ին որդեգրուեցաւ նախկին անունը, ընկերութեան հիմնադիրները ծանօթ չէին եղած այն իրողութեան, որ «Երիտասարդ թուրքերը» Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակները եղած են եւ վերջերս այդ մասին տեղեկութիւններ ստանալով՝ որոշեցին «Երիտասարդ»անալ։
Այս առիթով, ընկերութիւնը նաեւ նուիրատուութիւն մը կատարեց հայ մշակոյթի եւ պատմութեան պահպանման աշխատանքին նուիրուած Լոնտոնի Հայ հիմնարկին։