ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ․- Քալիֆորնիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ նահանգապետը յայտարարեցին, թէ կարելի պիտի ըլլայ 15 Յունիսին վերցնել համաճարակին հետեւանքով պարտադրուած սահմանափակումներուն մեծ մասը, եթէ մինչ այդ վարակումներուն եւ հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներուն թիւը շարունակէ նուազիլ եւ կարելի ըլլայ բաւական քանակութեամբ պատուաստներ ապահովել։
Շեշտուեցաւ, որ այդ թուականէն ետք եւս հանրութեան մէջ դիմակ կրելու պայմանը ի զօրու պիտի մնայ։
7 Ապրիլին հաղորդուեցաւ, որ ցարդ մօտաւորապէս 170 միլիոն ամերիկացիներ առնուազն մէկ անգամ պատուաստուած են եւ 19 Ապրիլէն սկսեալ 16 տարիքի եւ անկէ մեծ բոլոր ամերիկացիներ իրաւասութիւնը պիտի ունենան պատուաստ ստանալու համար կարգ ապահովելու։ Այդ թուականը Քալիֆորնիոյ մէջ 15 Ապրիլ է ։