ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2 Ապրիլին, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) անդամները մոմավառութիւն կատարեցին Երեւան, Գիւմրի, Էջմիածին, Հրազդան, Աբովեան քաղաքներուն եւ Պռոշեան ու Գառնի գիւղերուն մէջ: Այս նախաձեռնութիւնը նուիրուած էր հայրենիքի համար նահատակուածներու յիշատակին։
Այս մասին տեղեկացուած է ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։