ՊՈԼԻՍ, «Սապահ»․- Անգարա դիւանագիտական աշխատանքներ կը տանի՝ խոչընդոտելու համար նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը հանդիպեցաւ Պայտընի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ, որուն ներկայացուց Անգարայի հետեւեալ պնդումները.
1. Միջադէպը «ցեղասպանութիւն» որակելու համար իրաւական հիմք չկայ։
2. «Ցեղասպանութիւն» եզրը գործածուելու սկսած է 1948ին:
3. Պայտընի կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառին կիրառումը խնդիրներ պիտի ստեղծէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ:
4.Կովկասի մէջ նոր գործընթացները պիտի վնասուին Ցեղասպանութեան ճանաչումով։
Քալըն նաեւ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը. «Մենք կ՛ըսենք՝ եկէք Հայաստանի հետ կարգաւորենք (յարաբերութիւնները)։ Կ՛ըսենք՝ եթէ անոնք ճիշդ քայլ ընեն, նոյնիսկ դռները պիտի բանանք։ Այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, եթէ դուք «ցեղասպանութիւն» ըսէք` պիտի նշանակէ, որ Կովկասի մէջ այս ամբողջ գործընթացը խափանարարութեան պիտի ենթարկէք»։