ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- Թրքալեզու երկիրները պէտք է աջակցին Պաքուին՝ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին բռնագրաւուած տարածքները վերականգնելու համար, ըսաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի ոչ–պաշտօնական գագաթնաժողովին ընթացքին:
Ըստ «Անատոլու»ի՝ Էրտողան նաեւ նշեց, որ Ռամատանէն ետք Շուշի պիտի այցելէ:
Յիշեցնենք, որ Ռամատանի ամիսը կ՛աւարտի 12 Մայիսին: