ՊԱՔՈՒ․- Վերջերս ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ քննադատութիւններու արշաւ մը սկսած է Ատրպէյճանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանին դէմ, որ հրաժարած է մասնակցիլ օտարերկրեայ դիւանագէտներու`Արցախի Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած շրջանները կատարելիք այցելութեան:
Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ դեսպան Ուոլֆկանկ Մանիկ, մեկնաբանելով իր որոշումը՝ ըսաւ. «Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան գործունէութեան նպատակը մարտական գործողութիւններուն վերջ տալն է եւ սկսիլ հաշտեցումը՝ ատրպէյճանցիներուն եւ հայերուն միջեւ, ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ, տագնապին կայուն լուծում մը գտնելու համար»: