ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․– Վերջին տարիներուն, Թուրքիոյ մէջ կ՛աճին աշխարհիկ կարգերու ջատագով Աթաթուրքի արձաններուն, կիսանդրիներուն եւ պատկերներուն վրայ յարձակումները։
Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան Թեքիրտաղ նահանգին մէջ, 28 Մարտին, երեք վարժարաններու մէջ գտնուող Աթաթուրքի արձաններուն վրայ վարկաբեկիչ գրութիւններ գրուած են անյայտ անձերու կողմէ:
Ընդդիմադիր քեմալական կուսակցութիւնը խստօրէն դատապարտեց յարձակումները, իշխանութիւններէն պահանջելով պատժել պատասխանատուները։