Պաքուի Ափշերոն շրջանին մէջ միայարկ շէնք մը, ուր գաղթականներ կ՛ապրէին, կրակ առած է: Այս տարի երրորդ անգամն ըլլալով է, որ գաղթականներու բնակավայրերուն մէջ հրդեհներ կը յառաջանան:
Տարօրինակ պատահականութեամբ, հրդեհները տեղի կ՛ունենան մեծ մասամբ գաղթականներու բնակարաններուն մէջ, կասկածներ յառաջացնելով, որ անոնք կը հրահրուին իշխանութիւններուն կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ գաղթականները Արցախէն բռնագրաւուած տարածքները փոխադրել: Ատրպէյճանցի գաղթականները մեծ մասամբ չեն փափաքիր տեղափոխուիլ Արցախ: