Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի շնորհաբեր տօնը՝ Ծաղկազարդը, մեծ շուքով տօնախմբուեցաւ Կիրակի, 28 Մարտին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս:
Առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ: Նաեւ՝ ընդառաջելով սրբազանին հրաւէրին, բարձրաստիճան հոգեւոր հայրեր Ծաղկազարդի օրը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեցին, քարոզեցին եւ տօնական եզակի մթնոլորտ ստեղծեցին Արեւմտեան թեմէն ներս: Այսպէս՝ Եփրեմ արք. Թապագեան պատարագեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Կոմիտաս արք. Օհանեան՝ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի մէջ, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին մէջ խմբուած հաւատացեալ բազմութեան ուղղելով իր պատգամը՝ առաջնորդ սրբազան հայրը յորդորեց ներկաները իրենց ներքին Երուսաղէմին՝ սիրտի՛ն դռները լայն բանալու Տիրոջ առջեւ, որպէսզի Ան յաղթական մուտք գործէ իւրաքանչիւր տուն եւ Իր օրհնութիւնները անձրեւի պէս տեղացնէ ամէն հայ ընտանիքի եւ անհատի կեանքէն ներս: Սրբազան հայրը նաեւ յիշեցուց, որ հակառակ մեր կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող տեսակ-տեսակ դժուարութիւններուն, Ծաղկազարդի սուրբ տօնին մենք կը հրաւիրուինք Քրիստոսի յաղթանակի փառքի երգիչները դառնալու, գոչելով՝ «Ովսաննա՜, օրհնեալ է Ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով: Օրհնութիւն ի բարձունս»:
Ս. պատարագի աւարտին ընթացք առաւ հանդիսաւոր թափօրը, որուն ընթացքին մանուկներ եւ ժողովուրդ օրհնուեցան Ս. Խաչով, ապա կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւնը, որմով աշխարհի չորս ծագերը յանձնուեցան Աստուծոյ օրհնաշատ պահպանութեան: Հուսկ, կատարուեցաւ «Դռնբացէք»ի արարողութիւնը, որմով տօնական մթնոլորտը իր զենիթին հասաւ:
(Թղթակցութիւնը՝ առաջնորդարանէն)