ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ օրէնսդրական հայկական համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ յաւելեալ օրէնսդիրներ միացան իր շարքերուն։
Նահանգի հայութեան իրաւունքները ջատագովող այս համախմբումին անդամներ են՝ նահանգային ծերակուտականներ Պապ Արքուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Պրայըն Տալ, Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանականներ Լօրա Ֆրիտմըն, Լուզ Ռիվազ եւ Ատրին Նազարեան։
Անոնց միացած են նահանգային Ծերակոյտի նախագահի պաշտօնակատար Թոնի Էթքինզ, Ծերակոյտի մեծամասնութեան ղեկավար Պապ Հըրցպըրկ, ծերակուտական Մարիա Էլենա Տուրազօ, նահանգային խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավար Էլուիզ Կոմեզ Ռէյէս եւ նահանգային խորհրդարանականներ Լիսա Քալտերոն, Մայք Կիփսըն, Քրիս Հոլտըն, Թամ Լեքի եւ Սուզեթ Վալատրես։